Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Մուժամաա Փեթրոլի

Երէկ յետմիջօրէին Մանարայի դաշտին վրայ սկսաւ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան տղոց պասքեթպոլի 26-րդ միջազգային մրցաշարքը: Բացման մրցումին, Ռիատի Պէյրութ 97-69 արդիւնքով յաղթեց իրաքեան Մինա խումբին: ՀՄԸՄ, որ իր կարգին կը մասնակցի մրցաշարքին, այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին կը կատարէ իր առաջին մրցումը` ճակատելով Մուժամաա Փեթրոլիի (Ալճերիա) դէմ:

Հեծելարշաւ.  Ծատուրեան Եղբայրներուն Յիշատակին Նուիրուած 4-րդ Մրցումը Ընթացաւ Սուր Պայքարի Մթնոլորտի Մէջ

Հեծելարշաւ. Ծատուրեան Եղբայրներուն Յիշատակին Նուիրուած 4-րդ Մրցումը Ընթացաւ Սուր Պայքարի Մթնոլորտի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Պրումմանայի քաղաքապետութեան, կիրակի, 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Ծատուրեան եղբայրներուն յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի 4-րդ մրցումը` Նահր Մոթէն դէպի Պաապտեթ երկարող մայրուղիին վրայ (11.5 քմ): Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 34 հեծելանւորդներ` տարբեր տարիքային դասաւորումներէ, բաւական սուր պայքար մղելով իրարու դէմ: Ստորեւ կու տանք արձանագրուած արդիւնքները. ՄԵԾԵՐ 1.- Ապտալլա Աար (Պայք-Լուպնան) 36' 35" 2.- Ճոն Աուն (ՀՄԸՄ...

Հանրի Շալհուպի Անուան Պասքեթպոլի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Մաս Կազմեց Առաջին Խմբակին

Երէկ` երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հանրի Շալհուպի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: 4-12 նոյեմբերին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը կատարեցին կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար եւ հանգուցեալ նախկին մարզիկին զաւակը եւ անոր կինը` Ժորժ եւ Սալուա Շալհուպներ: Ներկայ էին մրցաշարքին մասնակցող ակումբներուն նախագահներն ու պատասխանատուներ,...

Ֆութսալ. Հայաստանի Հաւաքականը 15 Ֆութպոլիստով Մեկնեցաւ Պիելոռուսիա

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը 25 եւ 26 հոկտեմբերին պիտի կատարէ ֆութսալի միջազգային բարեկամական երկու մրցում` հիւրը ըլլալով Պիելոռուսիոյ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի կողմէ նախապէս նկատի առնուած 21 ֆութպոլիստներէն միայն 15-ը երէկ մեկնեցան Պիելոռուսիա, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը: Ստորեւ կու տանք այդ 15 մարզիկներուն անուանացանկը. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Տէյվիտ Ռիքարտօ Չաւես (Լէօ), Էռնեսթ Ակոբով (Վրաստանի դրամատուն) եւ Սարգիս...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Հաւաքականին Մրցակիցները

Ֆութսալ. Հայաստանի Հաւաքականին Մրցակիցները

Նախորդ շաբաթավերջին զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 2018-ի Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Լաթվիան, Էսթոնիան եւ Գերմանիան: Զտումի այդ մրցումները տեղի պիտի ունենան 23 յունուարէն 1 փետրուար 2017, Լաթվիոյ մէջ: Յաջորդ հանգրուանին իրենց տոմսերը կ՛ապահովեն միայն խմբակներուն պարագլուխի դիրքերը գրաւողները, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական...

Թենիս. Անճելիք Քերպըր` Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

Գերմանացի Անճելիք Քերպըր «Տապլիու. Թի. Էյ.»-ի կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ տարուան լաւագոյն թենիսվումընը, յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը: Քուէարկութեան ընթացքին աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող Քերպըր ստացաւ 50 ձայն: Ան այս տարի, տիրացաւ Աւստրալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կրան շլեմի մրցաշարքերուն տիտղոսներուն, մինչ Ուիմպըլտընի պարագային հասաւ աւարտական: Շթութկարթի մրցաշարքին մասնակցելով` ան տիրացաւ տիտղոսին, մինչ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու թենիսի մրցաշարքին գրաւեց 2-րդ...

5 Ամիս Ետք. Մարքօ Ռոյս Սկսաւ Իր Փորձերուն

Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Մարքօ Ռոյս, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով 5 ամիսէ ի վեր հեռու է ֆութպոլի դաշտերէն, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ իր բնականոն փորձերուն, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ 27 տարեկան գերմանացին բացակայած էր նաեւ Եուրօ-2016-էն: Ան նախորդ տարեշրջանին Տորթմունտի հետ կատարեց 43 մրցում` նշանակելով 23 կոլ:  

«Ֆորմիւլա-1». Լուիս Հեմիլթընի 50-րդ Յաղթանակը

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան կրան փրին, աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով: Ան այսպիսով արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 50-րդ յաղթանակը: Անոր խմբակից գերմանացի Նիքօ Ռոզպըրկ հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ փոտիում բարձրացած երրորդ վարորդը հանդիսացաւ «Ռետ-Պուլ»-ի ներկայացուցիչ Տանիել Ռիքիարտօ (Աւստրալիա): Հեմիլթըն, որ այսպիսով արձանագրեց այս տարեշրջանի իր 7-րդ յաղթանակը, յաջողեցաւ իր եւ ընդհանուր դասաւորման մէջ պարագլուխի դիրքին...

Նէյմարի Նոր Պայմանագրութիւնը

Նախորդ շաբաթավերջին, նախքան Վալենսիա - Պարսելոնա մրցումը, պրազիլցի մարզիկ Նէյմար Պարսելոնայի կեդրոնատեղիին մէջ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: 24 տարեկան պրազիլցիին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2021: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, ան տարեկան պիտի ստանայ 15 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, որուն վրայ կ՛աւելնայ 10 միլիոն եւրոյի յաւելավճար: Նշենք, որ Նէյմար 2013-ին պրազիլական Սանթոսէն միացաւ Պարսելոնայի:

Ինիեսթա 6-Էն 8 Շաբաթ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պարսելոնային մաս կազմող սպանացի միջնապահ Անտրես Ինիեսթա, որ նախորդ շաբաթավերջին Վալենսիայի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին (9-րդ հանգրուան) վիրաւորուեցաւ եւ 14-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, 6-էն 8 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը: Այսպիսով, Ինիեսթայի մասնակցութիւնը Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Քլասիքօ»-ի մրցումին (4 դեկտեմբեր) հարցականի տակ է:

Համբիկ Միսաքեան Վերադարձաւ Պէյրութ

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Համբիկ Միսաքեան նախորդ շաբաթ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանէն վերադարձաւ Պէյրութ` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք ՖԻՖԱ-ի կողմէ կազմակերպուած աղջկանց Մոնտիալի կազմակերպական դասընթացքի մը: 3 օրուան վրայ երկարած այս դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան Ասիոյ վեց երկիրները` Յորդանան, Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Պաղեստին եւ Իրան: Յորդանանի մէջ այդ վեց երկիրներու ներկայացուցիչները ներկայ գտնուեցան նաեւ աղջկանց 17 տարեկանէն վար...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Շապապ Արապի` 2 – 2

ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն մաս մը Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 22 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Արապին: Նախքան մանրամասնութիւններուն անդրադառնալը նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ եկած էին քաջալերելու իրենց կազմը: Մրցումին 12-րդ վայրկեանին Ապպաս Սուէյտան բացաւ մրցումին հաշիւը, երբ պզտիկ քառակուսիին մէջ առանձինը մնալով նշանակեց իր կազմին կոլը:...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ 4 – 0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Լոնտոնի Մէջ

Պարսելոնայի յաղթական մարզիկները Նախորդ շաբաթավերջին, եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան շարք մը հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ: Անգլիոյ 9-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ Լոնտոնի մէջ 4 - 0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Չելսիէն: Փետրօ Ռոտրիկես նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը: Պարսելոնա 3 - 2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Վալենսիայի դաշտէն, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (94-րդ) Լիոնել Մեսսի...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 8 – 1 Արդիւնքով Յաղթական

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կատարեց իր հինգերորդ մրցումը (խումբը 4-րդ հանգրուանին մրցում չկատարեց)` Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) ճակատելով Քալամունի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 8 - 1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ Ներսէս Գիւլխանջեանի (3 կոլ), Աւօ Տոնպուրեանի (2 կոլ), Աւիկ Յարութիւնեանի (2 կոլ) եւ Սեւակ Օհանեանի (1 կոլ)...

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ, Շիրակ Եւ Ալաշկերտ Յաղթանակով Աւարտեցին Երկրորդ Շրջանը

Բանանց - Փիւնիկ մրցումէն Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ (երկրորդ շրջան) հանգրուանի մրցումները: Փիւնիկ 1 - 0 արդիւնքով յաղթեց Բանանցին` Արամ Շախնազարեանի նշանակած կոլին շնորհիւ (27-րդ): Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Շիրակ եւ Ալաշկերտ` յաջորդաբար Գանձասար-Կապանի (1 - 0) եւ Արարատի (2 - 1) դէմ: Ստորեւ` 10-րդ հանգրուանէն ետք դասաւորման պատկերը.   Յ. Հ. Պ. Նշ. Ստ....

Պասքեթպոլ. Քոնսթանթին Միրզոյեանց Միացաւ Ուրարտուի

Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի անդամ Քոնսթանթին Միրզոյեանց միացաւ Ուրարտուի, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայ մարզիկը նախապէս մաս կազմած է ռուսական Թամփով ակումբին, որուն հետ 2013-2014 տարեշրջանին եղած է խումբին լաւագոյն մարզիկը: Միրզոյեանց Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ յուլիս 2016-ին հանդիսացաւ Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեան: Ան ծնած է 30 յունուար 1989-ին, իսկ անոր հասակն է 2 մեթր 3 սանթիմեթր:

Մեսսի Շնորհաւորեց Սուարեզը

Պարսելոնայի խմբապետ Լիոնել Մեսսի շնորհաւորեց իր խմբակիցը` Լուիս Սուարեզը, որ յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին ստացաւ «ոսկիէ ֆութպոլի կօշիկը»` 2015-2016 տարեշրջանին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացած ըլլալուն համար: Ուրուկուէյցին իր այս յատուկ մրցանակը ստացաւ Քաթալոնիոյ մէջ: Սուարեզ «Լա լիկա»-ի նախորդ տարեշրջանին ընթացքին նշանակեց 40 կոլ` գերազանցելով Կոնզալօ Հիկուայինը (36) եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն (35):

Մարքոս Փիցելլի` Յաղթական Կոլի Հեղինակ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Ֆուժէյրա իր դաշտին վրայ նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Շապապին: Յաղթական կազմին եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի (84-րդ):  

Կարսիա Նշանակուեցաւ Մարսէյի Մարզիչ

Ֆրանսական ֆութպոլի զօրաւոր կազմերէն Մարսէյ յայտարարեց, թէ Ռուտի Կարսիա նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: 52 տարեկան Կարսիա, որ այսպիսով փոխարինեց Ֆրանք Փասսին, նախապէս եղած է Սենթ Էթիենի,  Տիժոնի, Լը Մանսի եւ Լիլի մարզիչ: Նշենք, որ ան եղած է նաեւ մարզիչը Ա. Էս. Ռոմայի, որմէ պաշտօնազրկուեցաւ այս տարուան սկիզբը:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շապապ Արապի

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 22 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Շապապ Արապիի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 15:30-ին: ՀՄԸՄ-ի համար այսօր յաղթանակը կը նկատուի կարեւոր` դարձեալ բարձրանալու համար վերին կարգերը: Մարզիկներուն կողքին, ՀՄԸՄ-ի համակիրները եւս այսօր ունին կարեւոր պարտականութիւն. ուղղուիլ դաշտ եւ...

Page 1052 of 1276 1 … 1,051 1,052 1,053 … 1,276

Արխիւներ