Մարզական

Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Հասաւ Կիսաւարտականին. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պիպլոս

Երէկուան մրցումէն Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Մանարայի դաշտին վրայ, երէկ գիշեր տիտղոսակիր Ռիատի Պէյրութ 94-76 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հուփսի, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Նշենք, որ իր երկրորդ պարտութիւնը կրելով` Հուփս այսպիսով դուրս կը մնայ մրցաշարքէն: Ռիատիէն Ալատի Ամինու նշանակեց 22 կէտ, Տուարիք Սփենսըր` 18 կէտ, իսկ Ֆատի Խաթիպ եւ Ալի Հայտար` 15-ական կէտ:...

Կռփամարտ. Աբրահամ – Միւրէյ Փոխվրէժի Մրցումը Տեղի Պիտի Չունենայ

Արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին կարգի «Տապլիու Պի. Օ.»-ի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամի եւ անգլիացի Մարթին Միւրէյի միջեւ փոխվրէժի մրցումը տեղի պիտի չունենայ` նկատի ունենալով, որ Աբրահամ վնասուածք ստանալով պիտի չկարենայ այդ մենամարտը կատարել: Անգլիական մամուլը կը յայտնէ, որ այժմ Միւրէյ կը փնտռէ նոր մրցակից մը` ճակատելու համար անոր դէմ: Սկզբունքով երկու կռփամարտիկներն ալ իրարու դէմ յանդիման պէտք էր գային 12 նոյեմբերին,...

«Էն. Պի. Էյ.». Ախոյեան Քաւալիրզ Հանգիստ Յաղթանակով Մը Սկսաւ 2016-2017 Տարեշրջանը

Երէկ` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին, ազդանշանը տրուեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի 71-րդ ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին, երբ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ: Ախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ նոր տարեշրջանին սկսաւ հանգիստ յաղթանակով մը, երբ 117-88 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Նիւ Եորք Նիքսը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 29 կէտ, մինչ անոր խմբակից Լեպրըն Ճէյմս` 19 կէտ: Քարմելօ Անթոնի (Նիքս) նշանակեց 19 կէտ: Նախորդ...

Մխիթարեան Յունուարին Կրնայ Հեռանալ Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար յունուարին, երբ մարզիկներու փոխանցման սակարանը բացուի, հեռանայ Մանչեսթըր Եունայթըտէն, այս մասին կը գրէ «Տը Սան»: Աղբիւրին համաձայն, այս ամառ Պորուսիա Տորթմունտէն անգլիական ակումբին միացած 27 տարեկան Մխիթարեան չէ կրցած տպաւորել մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոն, որ մրցումներուն մասնակից չի դարձներ հայրենի ֆութպոլիստը: Նշենք, որ Մխիթարեան բաւական առաջ ապաքինեցաւ իր ստացած վնասուածքին եւ կը...

Ֆութսալ. Պիելոռուսիա – Հայաստան Երկրորդ Մրցումը Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ

Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ Մինսքի մէջ երէկ կատարեց իր երկրորդ բարեկամական մրցումը` Պիելոռուսիոյ դէմ, արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Սարօ Գալստեան նշանակեց Հայաստանի կոլը, սակայն մրցումին վերջին վայրկեաններուն Պիելոռուսիա հաւասարեցուց արդիւնքը: Նշենք, որ առաջին մրցումին Հայաստան իր նոյն մրցակիցէն 9-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր:  

Գերմանական Ֆութպոլ. Պայեր Լեւերքուզըն Պարտուեցաւ Գ. Դասակարգի Լոթթէէն

Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Գ. դասակարգին մաս կազմող Լոթթէ ստեղծեց մեծագոյն անակնկալը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Պայեր Լեւերքուզընը` արձանագրելով 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը (փենալթիներով): 79-րդ վայրկեանին Լոթթէի մէկ մարզիկը կարմիր քարտ մը ստացաւ, մինչ մրցումը կ՛ընթանար 1-1 արդիւնքով, իսկ երկարաձգումէն ետք մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով: Լոթթէի այլ մարզիկ մը Ա. կիսախաղի երկարաձգումին իր կարգին կարմիր...

Պրազիլցի Ֆութպոլի Աստղ Քարլոս Ալպերթօ Մահացաւ

Քարլոս Ալպերթօ, որ նշանակեց Մոնտիալի պատմութեան ամէնէն սքանչելի կոլերէն մէկը, երբ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետն էր Իտալիոյ դէմ 1970-ի մոնտիալի աւարտական մրցումին, սրտի կաթուածի պատճառով մահացաւ իր 72 տարեկան հասակին: Այդ մոնտիալի աւարտական մրցումին Իտալիոյ դէմ ան նշանակեց Պրազիլի չորրորդ կոլը (4-1) եւ մրցումին աւարտին բարձրացուց Ժիւլ Ռիմէի տիտղոսը (Մոնտիալի տիտղոսին նախկին անունը): Քարլոս Ալպերթօ, որ անցեալին իրեն խմբակից...

Գայլը` 2018-ի Մոնտիալին Խորհրդանիշը

Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին խորհրդանիշը (մասքոթ) ընտրուեցաւ գայլը: Քուէարկութեան ընթացքին այդ խորհրդանիշը հաւաքեց ձայներուն կէսէն աւելին: Ռուսական մամուլը յայտնեց, որ գայլը ստացաւ «Զապիվաքա» անունը: Նշենք, որ գայլէն բացի թեկնածուներուն կարգին էին նաեւ վագրը եւ կատուն: Քուէարկութիւնները սկսած էին 23 սեպտեմբերին:

Նէյմարի Սեն Ժերմեն Փոխանցումը Ձախողեցաւ` 2 Պահանջի Պատճառով

Քաթալոնական Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար այս տարեշրջանին նախօրեակին շատ մօտ էր ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխուելուն, կը յայտնէ «Լ՛Էքիփ»: Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմի նախագահ Նասեր Խելայիֆի մեկնած էր Սան Փաուլօ` բանակցելու համար ֆութպոլիստին հօր եւ անոր գործակալին` Վակներ Ռիպէյրոյի հետ: Սակայն Նէյմարի ներկայացուցիչները ներկայացուցած էին երկու պահանջներ, որոնց պատճառով փոխանցումը տեղի չէր ունեցած: Նէյմար կը պահանջէր տարեկան 40 միլիոն եւրօ աշխատավարձ,...

Օպամեյանկի Հրաժարագինը` 80,5 Միլիոն Եւրօ

Ռէալ Մատրիտ կը շարունակէ դարձեալ մօտէն հետաքրքրուիլ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկով: Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը կը գրէ, որ Պորուսիա Տորթմունտ կապոնցի իր յառաջապահին համար կը պահանջէ 80,5 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ այս ամառ Տորթմունտ մերժեց Մանչեսթըր Սիթիի առաջարկը, որով վերջինս պատրաստ էր անոր փոխանցման համար վճարելու 67,2 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ ցարդ «Պունտըսլիկա»-ի 7 մրցումի ընթացքին Օպամեյանկ նշանակած է 7...

Մարոթթա. «Ռայոլա 27 Միլիոն Եւրօ Ստացաւ Փոկպայի Փոխանցումէն»

Եուվենթուսի թեքնիք տնօրէն Ճիուզեփփէ Մարոթթա, անդրադառնալով Փոլ Փոկպայի Մանչեսթըր Եունայթըտ փոխանցումի լուրին, ըսաւ. «Ան մեզի միացաւ փոխան 1,5 միլիոն եւրոյի: Չորս տարի ետք ան ուզեց տեղափոխուիլ Անգլիա: «Մենք անոր համար պահանջեցինք 105 միլիոն եւրօ, առաւել` 5 միլիոն եւրօ իբրեւ յաւելավճար, եթէ ան երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը, կամ Եունայթըտ ամէնէն քիչը 50 միլիոն եւրոյով զինք այլ ակումբի մը ծախէ: Անիկա մեզի օգնեց...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Ձեւով Սկսաւ Մրցաշարքը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Ձեւով Սկսաւ Մրցաշարքը

Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ, որ երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը, տպաւորիչ ներկայացում մը կատարելով 96-73 արդիւնքով յաղթեց (18-16, 21-14, 29-24 եւ 18-19) ալճերիական Մուժամաա Փեթրոլիին: ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մայք Թէյլըր (24), ապա` Տուայն Ճեքսըն (18), Մաճուք Աթեր (17) եւ Նետիմ Սուէյտ (16): Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, անոնք մեծաթիւ ներկայութեամբ քաջալերեցին իրենց...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը, ինչպէս նաեւ քննեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը: Իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով Իսլահ Պըրժ Շիմալի մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, մինչ անոր մարզիկներէն հասան Զէյն եւ Ալաէտտին Աշքար երեքական մրցումով կախակայուեցան: Վերոնշեալ ակումբին մաս կազմող պատասխանատուներէն...

Արտասահմանի Մէջ Հանդէս Եկող 13 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Ազգային Հաւաքական

11 նոյեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան - Մոնթենեկրօ մրցումը, որ կ՛իյնայ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան հրապարակեց անունները Հայաստանի ազգային հաւաքականի` արտասահմանի մէջ հանդէս եկող 13 ֆութպոլիստներուն, որոնք նախապատրաստական հաւաքին մասնակցելու հրաւէր ստացան: Հայաստանի ախոյեանութեան մրցումներուն հանդէս եկող ֆութպոլիստներուն անունները եւ հաւաքականին վերջնական...

Ծանրաբարձութիւն.  Կարէն Աւագեան Եւ Արփինէ Դալալեան Պրոնզ Մետալներ Ապահովեցին Հայաստանին

Ծանրաբարձութիւն. Կարէն Աւագեան Եւ Արփինէ Դալալեան Պրոնզ Մետալներ Ապահովեցին Հայաստանին

Մալեզիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պատանիներու ծանրաբարձութեան մրցումներուն, Հայաստանը ներկայացնող 17 տարեկան Կարէն Աւագեան 85 քկ դասակարգին մէջ պրոնզ մետալ մը ապահովեց Հայաստանին` արձանագրելով 318 քկ (145+173) արդիւնք մը: Հայաստան այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 3 մարզիկով: Աւագեանէն բացի, ախոյեանութեան կը մասնակցին նաեւ Վարազդատ Լալայեան (94 քկ եւ վեր) եւ Արփինէ Դալալեան (69 քկ եւ վեր): Իր կարգին, պրոնզ...

Մահացած Ռուս Ըմբիշը Պիտի Չզրկուի Ողիմպիականի Իր Մետալէն

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն որոշեց չզրկել ազատ ոճի ըմբշամարտի ողիմպիականի փոխախոյեան Պեսիք Քուտուխովը 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու մետալէն: Ռուս ըմբիշին վրայ խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ կատարուած քննութիւնները տուած էին դրական արդիւնք: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակուեցաւ 2016-ին եւ Ռուսիայէն պահանջուեցաւ մետալը վերադարձնել: Անոր մօտ ի յայտ եկած էր մկանները զօրացնող դեղերու գործածութեան փաստ: Նշենք սակայն, որ ան մահացաւ 29 դեկտեմբեր 2013-ին, երբ...

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. «Նոր Նստաշրջանի Մը Համար Թեկնածութիւնս Պիտի Չառաջադրեմ» Ըսաւ Սամիր Սալիպա

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Սամիր Սալիպա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ նոր նստաշրջանի մը համար իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ, երբ 3 նոյեմբերին տեղի ունենան Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Ան յոյս յայտնեց, որ ընտրութիւնները կատարուին առանց քուէարկութեան եւ կազմուի համախոհական ցանկ մը` բոլոր թեկնածուներուն համաձայնութեամբ: Ան ըսաւ, որ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ` նոր ընտրուելիք ֆետերասիոնին նեցուկ կանգնելու եւ...

Հապիպ Զարիֆէ Ներկայացուց Իր Ծրագիրը` Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնի Նախագահ Ընտրուելու Պարագային

PROFOTO Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն նախօրեակին, Հապիպ Զարիֆէ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով ներկայացուց իր կատարելիք աշխատանքը եւ իրագործելիք ծրագիրը` ֆետերասիոնի նախագահ ընտրուելու պարագային: Բազմաթիւ հրաւիրեալներու ներկայութեան, ան «Հիլթըն Հապթուր» պանդոկին մէջ (Հըրշ Թապեթ) խօսեցաւ իր ծրագիրներուն մասին` նշելով, որ այդ մեծ աշխատանքը ինք առանձինը պիտի չկատարէ, այլ բոլորին հետ միասնաբար, ի խնդիր այս մարզաձեւին յաջողութեան, մանաւանդ եթէ նկատի առնուի...

Թենիս. Տել Փոթրօ Տիտղոսակիր` Յունուար 2014-Էն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով

Արժանթինցի թենիսմեն Խուան Տել Փոթրօ, բաւական երկար սպասելէ ետք ի վերջոյ յաջողեցաւ տիտղոսի մը տիրանալ, երբ Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքի մը ընթացքին 7-5 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Ճեք Սոքի: Նշենք, որ ան իր վերջին տիտղոսին տիրացած էր յունուար 2014-ին:

«Ֆեր Փլէյ»  Բանանց` Առաջին Դիրքին Վրայ

«Ֆեր Փլէյ» Բանանց` Առաջին Դիրքին Վրայ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի երկրորդ շրջանի արդիւնքներուն լոյսին տակ, ֆեր փլէյի դասաւորման առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Բանանց: Անոր կը յաջորդէ Փիւնիկ, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Շիրակ:

Page 1051 of 1276 1 … 1,050 1,051 1,052 … 1,276

Արխիւներ