Նախորդ շաբաթավերջին զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 2018-ի Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Լաթվիան, Էսթոնիան եւ Գերմանիան:
Զտումի այդ մրցումները տեղի պիտի ունենան 23 յունուարէն 1 փետրուար 2017, Լաթվիոյ մէջ:
Յաջորդ հանգրուանին իրենց տոմսերը կ՛ապահովեն միայն խմբակներուն պարագլուխի դիրքերը գրաւողները, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: