
Ֆրանսական ֆութպոլի զօրաւոր կազմերէն Մարսէյ յայտարարեց, թէ Ռուտի Կարսիա նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ:
52 տարեկան Կարսիա, որ այսպիսով փոխարինեց Ֆրանք Փասսին, նախապէս եղած է Սենթ Էթիենի, Տիժոնի, Լը Մանսի եւ Լիլի մարզիչ:
Նշենք, որ ան եղած է նաեւ մարզիչը Ա. Էս. Ռոմայի, որմէ պաշտօնազրկուեցաւ այս տարուան սկիզբը:


