Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Մարքօ Ռոյս, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով 5 ամիսէ ի վեր հեռու է ֆութպոլի դաշտերէն, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ իր բնականոն փորձերուն, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ 27 տարեկան գերմանացին բացակայած էր նաեւ Եուրօ-2016-էն:
Ան նախորդ տարեշրջանին Տորթմունտի հետ կատարեց 43 մրցում` նշանակելով 23 կոլ: