Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան կրան փրին, աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով: Ան այսպիսով արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 50-րդ յաղթանակը:
Անոր խմբակից գերմանացի Նիքօ Ռոզպըրկ հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ փոտիում բարձրացած երրորդ վարորդը հանդիսացաւ «Ռետ-Պուլ»-ի ներկայացուցիչ Տանիել Ռիքիարտօ (Աւստրալիա):
Հեմիլթըն, որ այսպիսով արձանագրեց այս տարեշրջանի իր 7-րդ յաղթանակը, յաջողեցաւ իր եւ ընդհանուր դասաւորման մէջ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռոզպըրկի հետ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել 26-ի, մինչ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է միայն երեք հանգրուան:
Գերմանացին ունի 331 կէտ, մինչ Հեմիլթըն` 305:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին, 5-րդ անգամն ըլլալով «Մերսետես», շնորհիւ իր վարորդներուն, տուպլէ կ՛իրագործէ: