
Նախորդ շաբաթավերջին, նախքան Վալենսիա – Պարսելոնա մրցումը, պրազիլցի մարզիկ Նէյմար Պարսելոնայի կեդրոնատեղիին մէջ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
24 տարեկան պրազիլցիին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2021:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, ան տարեկան պիտի ստանայ 15 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, որուն վրայ կ՛աւելնայ 10 միլիոն եւրոյի յաւելավճար:
Նշենք, որ Նէյմար 2013-ին պրազիլական Սանթոսէն միացաւ Պարսելոնայի:


