Երէկ` երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հանրի Շալհուպի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
4-12 նոյեմբերին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը կատարեցին կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար եւ հանգուցեալ նախկին մարզիկին զաւակը եւ անոր կինը` Ժորժ եւ Սալուա Շալհուպներ:
Ներկայ էին մրցաշարքին մասնակցող ակումբներուն նախագահներն ու պատասխանատուներ, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Նկատի ունենալով, որ մրցաշարքին մասնակցող խումբերուն թիւը անզոյգ է (9), անոնք բաժնուեցան երկու խմբակի. Ա. խմբակը` 5 խումբ, իսկ Բ. խմբակը` չորս խումբ (Ռիատի Պէյրութ կը բացակայի մրցաշարքէն):
Խումբերը մէկ անգամ կը մրցին իրարու դէմ:
Յաջորդ հանգրուան (կիսաւարտական) կը հասնին իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը:
Եթէ պատահի, որ խումբ մը մետասաներորդ պահուն քաշուի մրցաշարքէն, վերջինս կը շարունակուի ութ խումբով:
Եթէ Ա. խմբակէն է քաշուող խումբը, կացութենէն բան չի փոխուիր, որովհետեւ այդ պարագային երկու խմբակներուն ալ մաս կը կազմեն չորսական խումբեր:
Իսկ եթէ մրցաշարքէն քաշուողը ըլլայ Բ. խմբակէն, Ա. խմբակէն Պիպլոս կ՛երթայ Բ. խմբակ:
Ինչո՞ւ Պիպլոս: Որովհետեւ վիճակաձգութեան ընթացքին անոր անունը յայտնուեցաւ վերջին անգամ:
Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Թատամոն Զուք, Մէյրուպա, ՀՄԸՄ, Մութթահետ եւ Պիպլոս:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Շանվիլ, Լուէյզի, Սաժես եւ Հուփս:
ՆՇԵՆՔ, որ Հանրի Շալհուպի այս երկրորդ մրցաշարքը դարձեալ տեղի պիտի ունենայ Շիահի մարզադաշտին վրայ: