Գերմանացի Անճելիք Քերպըր «Տապլիու. Թի. Էյ.»-ի կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ տարուան լաւագոյն թենիսվումընը, յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը:
Քուէարկութեան ընթացքին աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող Քերպըր ստացաւ 50 ձայն:
Ան այս տարի, տիրացաւ Աւստրալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կրան շլեմի մրցաշարքերուն տիտղոսներուն, մինչ Ուիմպըլտընի պարագային հասաւ աւարտական:
Շթութկարթի մրցաշարքին մասնակցելով` ան տիրացաւ տիտղոսին, մինչ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու թենիսի մրցաշարքին գրաւեց 2-րդ դիրքը` տիրանալով արծաթ մետալին:
Նշենք, որ 2012-էն 2015 աշխարհի լաւագոյն թենիսվումընն էր ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ: