
Պարսելոնայի խմբապետ Լիոնել Մեսսի շնորհաւորեց իր խմբակիցը` Լուիս Սուարեզը, որ յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին ստացաւ «ոսկիէ ֆութպոլի կօշիկը»` 2015-2016 տարեշրջանին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացած ըլլալուն համար:
Ուրուկուէյցին իր այս յատուկ մրցանակը ստացաւ Քաթալոնիոյ մէջ:
Սուարեզ «Լա լիկա»-ի նախորդ տարեշրջանին ընթացքին նշանակեց 40 կոլ` գերազանցելով Կոնզալօ Հիկուայինը (36) եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն (35):


