
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար յունուարին, երբ մարզիկներու փոխանցման սակարանը բացուի, հեռանայ Մանչեսթըր Եունայթըտէն, այս մասին կը գրէ «Տը Սան»:
Աղբիւրին համաձայն, այս ամառ Պորուսիա Տորթմունտէն անգլիական ակումբին միացած 27 տարեկան Մխիթարեան չէ կրցած տպաւորել մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոն, որ մրցումներուն մասնակից չի դարձներ հայրենի ֆութպոլիստը:
Նշենք, որ Մխիթարեան բաւական առաջ ապաքինեցաւ իր ստացած վնասուածքին եւ կը կատարէ իր սովորական փորձերը իր խմբակիցներուն նման, բայց եւ այնպէս… դաշտ չի ներկայանար:


