
Եուվենթուսի թեքնիք տնօրէն Ճիուզեփփէ Մարոթթա, անդրադառնալով Փոլ Փոկպայի Մանչեսթըր Եունայթըտ փոխանցումի լուրին, ըսաւ.
«Ան մեզի միացաւ փոխան 1,5 միլիոն եւրոյի: Չորս տարի ետք ան ուզեց տեղափոխուիլ Անգլիա:
«Մենք անոր համար պահանջեցինք 105 միլիոն եւրօ, առաւել` 5 միլիոն եւրօ իբրեւ յաւելավճար, եթէ ան երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը, կամ Եունայթըտ ամէնէն քիչը 50 միլիոն եւրոյով զինք այլ ակումբի մը ծախէ: Անիկա մեզի օգնեց 95 միլիոն եւրոյով աշխատիլ:
«Մինօ Ռայոլա եւ իր ընկերութիւնը այդ փոխանցումէն ստացան 27 միլիոն եւրօ, անոր համար ալ Եուվենթուսի զուտ շահը կազմեց 72 միլիոն եւրօ»:


