
Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն նախօրեակին, Հապիպ Զարիֆէ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով ներկայացուց իր կատարելիք աշխատանքը եւ իրագործելիք ծրագիրը` ֆետերասիոնի նախագահ ընտրուելու պարագային:
Բազմաթիւ հրաւիրեալներու ներկայութեան, ան «Հիլթըն Հապթուր» պանդոկին մէջ (Հըրշ Թապեթ) խօսեցաւ իր ծրագիրներուն մասին` նշելով, որ այդ մեծ աշխատանքը ինք առանձինը պիտի չկատարէ, այլ բոլորին հետ միասնաբար, ի խնդիր այս մարզաձեւին յաջողութեան, մանաւանդ եթէ նկատի առնուի այն կարեւոր կէտը, որ արաբական եւ միջազգային գետնի վրայ Լիբանան տիրական ներկայութիւն է:
Ան այդքան ալ անծանօթ անուն մը չէ թեքուանտոյի աշխարհին մէջ` նկատի ունենալով, որ եղած է մարզիկ, ազգային խումբերու տնօրէն (2010-էն մինչեւ հիմա) եւ միշտ իր առաւելագոյնը տուած է ի նպաստ թեքուանտոյի յառաջխաղացքին եւ անոր վերելքին:


