
Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին խորհրդանիշը (մասքոթ) ընտրուեցաւ գայլը:
Քուէարկութեան ընթացքին այդ խորհրդանիշը հաւաքեց ձայներուն կէսէն աւելին:
Ռուսական մամուլը յայտնեց, որ գայլը ստացաւ «Զապիվաքա» անունը:
Նշենք, որ գայլէն բացի թեկնածուներուն կարգին էին նաեւ վագրը եւ կատուն: Քուէարկութիւնները սկսած էին 23 սեպտեմբերին:


