
Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ Մինսքի մէջ երէկ կատարեց իր երկրորդ բարեկամական մրցումը` Պիելոռուսիոյ դէմ, արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Սարօ Գալստեան նշանակեց Հայաստանի կոլը, սակայն մրցումին վերջին վայրկեաններուն Պիելոռուսիա հաւասարեցուց արդիւնքը:
Նշենք, որ առաջին մրցումին Հայաստան իր նոյն մրցակիցէն 9-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր:


