
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Սամիր Սալիպա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ նոր նստաշրջանի մը համար իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ, երբ 3 նոյեմբերին տեղի ունենան Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Ան յոյս յայտնեց, որ ընտրութիւնները կատարուին առանց քուէարկութեան եւ կազմուի համախոհական ցանկ մը` բոլոր թեկնածուներուն համաձայնութեամբ:
Ան ըսաւ, որ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ` նոր ընտրուելիք ֆետերասիոնին նեցուկ կանգնելու եւ անոր օժանդակելու համար:


