
Արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին կարգի «Տապլիու Պի. Օ.»-ի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամի եւ անգլիացի Մարթին Միւրէյի միջեւ փոխվրէժի մրցումը տեղի պիտի չունենայ` նկատի ունենալով, որ Աբրահամ վնասուածք ստանալով պիտի չկարենայ այդ մենամարտը կատարել:
Անգլիական մամուլը կը յայտնէ, որ այժմ Միւրէյ կը փնտռէ նոր մրցակից մը` ճակատելու համար անոր դէմ:
Սկզբունքով երկու կռփամարտիկներն ալ իրարու դէմ յանդիման պէտք էր գային 12 նոյեմբերին, Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա):
Ինչ կը վերաբերի անոնց երկուքին միջեւ նոյեմբեր 2015-ի ճակատումին, հայ կռփամարտիկը յաղթական դուրս եկած էր անկէ:


