Իր լուրը քաղելով անգլիական «Միրըր» օրաթերթէն` Sport.news.am կայքը կը հաղորդէ, որ անգլիացի 22 տարեկան կռփամարտիկ Քուպա Մոչիք իր ոչ արհեստավարժ ասպարէզին առաջին մենամարտը կատարելէ ետք մահացած է:
3-րդ ռաունտէն ետք, ծագումով լեհ մարզիկը իր գլուխէն ստացած է քանի մը հարուած: Ան իր ուշքը կորսնցնելով փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր մահացած է:
Կը նշուի, որ ան մահացած է ուղեղի արիւնահոսութեան պատճառով:
Վերջին երեք տարիներուն, ոչ արհեստավարժ կռփամարտի մրցումներուն, մարզիկները հանդէս կու գան առանց իրենց գլուխը պաշտպանելու միջոցներու դիմելու: