Աշխարհի ճատրակի գործող ներվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն երէկ Նիւ Եորքի մէջ հաւասարեցուց արդիւնքը ռուս Սերկէյ Քարժաքինի հետ, երբ աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսին համար մղուող պայքարին 10-րդ հանգրուանին ճերմակ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց 75-րդ շարժումին:
Այժմ անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանայ 5-5 հաւասարութեամբ: 8-րդ հանգրուանին յաղթանակ մը արձանագրեց Քարժաքին, մինչ մնացեալ ճակատումները աւարտեցան հաւասարութեամբ:
Նշենք, որ ախոյեանութիւնը բաղկացած է 12 հանգրուանէ: