Երէկ` կիրակի, 27 նոյեմբերին, աւարտեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2016-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ տարեշրջանի վերջին կրան փրին, Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Հակառակ անոր որ անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն երէկուան այս կրան փրիին հանդիսացաւ առաջին, սակայն անոր գերմանացի խմբակից եւ «Մերսետես»-ի երկրորդ վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկ, հակառակ երկրորդ դիրքը գրաւելուն, առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ` 5 կէտով գերազանցելով Հեմիլթընը, որ տիտղոսը չկրցաւ պահել իր մօտ:
Այսպիսով, Միքայէլ Շումախըրէն եւ Սեպասթիան Վեթելէն ետք Ռոզպըրկ կը դառնայ երրորդ գերմանացին, որ կը հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան: