Գիւմրեցի 55 տարեկան Ալեքսանտր Կիրակոսեան նախորդ շաբաթավերջին աշխարհի երկու նոր մրցանիշ հաստատեց:
Ան մէկ ժամուան ընթացքին 16 քիլոկրամ կշռաքարերը երկու ձեռքով բարձրացուց 2780 անգամ, այսպիսով շրջանցելով Վիաչեսլաւ Խորոնաքոյի (Պիելոռուսիա) հաստատած մրցանիշը:
Ան իր երկրորդ մրցանիշը հաստատեց պառկած վիճակի մէջ` իր փորով, 144 քիլոկրամ ծանրութեամբ վարժութիւնը առջեւ եւ ետեւ կատարելով 101 անգամ: