Գերմանիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի կազմերէն Շթայնպախ, Հեսենփոքալի բաժակի մրցաշարքին 5-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆրանքֆորթին, կը յայտնէ Sports.news.am մարզական լրատուական կայքը:
Յաղթական կազմին մաս կազմող Սարգիս Ադամեան յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել 48-րդ եւ 64-րդ վայրկեաններուն:
Նշենք, որ 23 տարեկան յառաջապահը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միանալու թեկնածու է:
Ան Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ցարդ նշանակած է 13 կոլ:
Նշենք, որ Հեսենփոքալի բաժակի մրցաշարքին տիրացողը Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն տոմս մը կ՛ապահովէ: