
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆուժէյրա իր դաշտէն դուրս 4-2 արդիւնքով յաղթեց Օրոպայի:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ այս մրցումին մասնակցեցաւ ամբողջ 90 վայրկեան, դարձաւ կոլի եւ կոլի փոխանցման հեղինակ:
Անոր կազմը այժմ 6 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:


