Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Մորտովա, որ հիւրն էր Խիմքիի, 4-3 արդիւնքով պարտուեցաւ, հակառակ անոր որ մրցումին ընթացքին 3-1 արդիւնքով առաջ անցած էր դաշտին տիրոջմէն:
Հիւր կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Արթուր Սարգիսով այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց 19-րդ եւ 24-րդ վայրկեաններուն:
Սարգիսով 17-րդ վայրկեանին ձեռք ձգեց նաեւ փենալթի մը, զոր կոլի վերածեց անոր խմբակիցը:
Ան Ա. կիսախաղի աւարտէն առաջ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
24-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Մորտովա 22 կէտով կը գրաւէ 18-րդ դիրքը: