
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ Կերըթ Սաութկէյթ պաշտօնապէս ստանձնեց Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը:
Սաութկէյթ, որ փոխարինեց պաշտօնանկ եղած Սեմ Էլըրտայսը, 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆետերասիոնին տոմարներուն վրայ:


