Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ մասնակցեցաւ Ուեսթ Համի դէմ կատարուած Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումին, որուն ընթացքին Եունայթըտ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր կը ճակատի Հալ Սիթիի դէմ:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Սաութհեմփթընը եւ Լիվըրփուլը:
Ուեսթ Համի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, հայրենի 27 տարեկան ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դարձաւ երկու կոլի փոխանցման հեղինակ, ճանչցուեցաւ իբրեւ մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Նշենք, որ Մխիթարեան իբրեւ լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուեցաւ նաեւ Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամի դէմ տեղի ունեցած «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին:
Միջազգային պարբերաթերթերը մեծապէս գնահատեցին Մխիթարեանի ցուցաբերած բացառիկ խաղարկութիւնը: