Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Լուէյզի Սանթրալի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
ՀՄԸՄ տարեշրջանը սկսաւ յաղթանակով, երբ բաւական պայքարող կազմի մը դէմ արձանագրեց 75-72 արդիւնքով յաղթանակ մը, հակառակ անոր որ առաջին երկու քորթըրներուն քիչ մը ուշացած էր (23-17, 38-33, 50-53 եւ 72-75):

ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Քեւին Կալոուէյ, որ կատարեց այս տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, իրագործեց առաջին թրիփըլ-տապըլը` նշանակելով 10 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ:
Անոր խմբակից Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 20 կէտ, մինչ մնացեալ կէտերը նշանակեցին Նետիմ Սուէյտ (11 կէտ), Աթեր Մաճոք (8), Հայկ Կէօքճեան (12) եւ Տուայն Ճեքսըն (14):
ՀՄԸՄ իր 33 թրի փոյնթերէն 9-ը հասցուց իրենց նպատակին (27 տոկոսը), ձեռք ձգեց 37 ռիպաունտ, ունեցաւ 16 էսիսթ, 9 սթիլ եւ 14 թըրն-օվըր:

ՀՄԸՄ-ի 9 թրի փոյնթերը նշանակեցին Սուէյտ (3), Կալոուէյ (2), Խաթիպ (1), Կէօքճեան (1) եւ Ճեքսըն (2):
Ինչ կը վերաբերի Լուէյզիի ամերիկացի մարզիկներուն` Ուենտըլ Լուիսի, Թրէյվիս Մաքկիի եւ Կերոն Ճոնսընի, անոնք տպաւորիչ մրցում մը ներկայացնելով յաջորդաբար նշանակեցին 12, 14 եւ 27 կէտ: Վերջինս նշանակեց 4 թրի փոյնթ:
Նշենք, որ մրցումը տեւեց 1 ժամ 39 վայրկեան: Անոր ընթացքին շուրջ տասը վայրկեան սքոր-պորտի խանգարում արձանագրուելով մրցումը քանի մը անգամով ընդհատուեցաւ:
Օրուան իրաւարարներն էին` Ֆաուզի Աշքութի, Փոլ Սքայեմ եւ Ռապիհ Մասրի:
Այսօր` ուրբաթ, 2 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես կը հիւրընկալէ Մէյրուպան: