Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` «Հապթուր» պանդոկին մէջ (Հըրշ Թապեթ), Աքրամ Հալապի պաշտօնապէս առաջադրեց իր թեկնածութիւնը Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին համար:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 15 դեկտեմբերին:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Ուալիտ Նասսար եւ ֆետերասիոնի անդամներ, ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ժորժ Պարաքեթ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, կարգ մը կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ մեծ թիւով մարզական լրագրողներ:
Հալապի ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ լիբանանեան պասքեթպոլի մարզը կարիքը ունի հիմնական եւ կարեւոր փոփոխութիւններու, որոնցմէ առաջինը պէտք է ըլլայ քաղաքականութիւնը հեռու պահել անկէ:
Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց նախագահ ընտրուելու պարագային իր գործադրելիք ծրագիրը:
Անդրադառնալով իր դէմ նախագահի պաշտօնին համար թեկնածու առաջադրած երկրորդ անձին` Փիեռ Քահիային, ան ըսաւ, որ թէեւ փորձեր կատարուեցան համախոհական ցանկ մը կազմելու, որուն մէջ ինք նկատի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Քահիան, սակայն վերջինս մերժելով այդ առաջարկը որոշեց ընտրական պայքարին մէջ մտնել:
Ան թելադրեց Քահիային, որ յետս կոչէ իր առաջադրած թեկնածութիւնը, որովհետեւ իր 15 անձերէ բաղկացած ցանկը ամբողջութեամբ պիտի յաջողի այս ընտրութիւններուն:
Քահիային ուղղելով իր խօսքը` Հալապի ըսաւ, որ ինք սիրայօժար կ՛ընդունի, եթէ Քահիա ուզէ միանալ իր ցանկին:
Եզրափակելով Մամլոյ ասուլիսը Հալապի ըսաւ, որ նախագահ ընտրուելուն պարագային, եթէ իր ըսածներն ու կատարելիք խոստումները չգործադրուին, զինք կրնան հաշուետուութեան կանչել, թէ ինչո՞ւ այդ բոլոր խոստումները չյարգուեցան: