Աշխարհի տարբեր ակումբներ կը շարունակեն աջակցիլ պրազիլական Շափեքոյենսէ ֆութպոլի ակումբին, որուն մարզիկները զոհ գացին զիրենք փոխադրող օդանաւի ջախջախումին:
«Միտիարիօ» կը յայտնէ, որ այս անգամ Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզեն զօրակցիլ անոր:
Սպանական երկու անուանի ակումբները որոշեցին այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք «Քլասիքօ»-ին ամբողջ հասոյթը տրամադրել Շափեքոյենսէին, որպէսզի ակումբը կարենայ շարունակել իր գործունէութիւնը: