
Ռէալ Մատրիտի կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ, որ երէկ Լոնտոնի մէջ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, մինչեւ ապրիլ 2017 պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, յայտնեց «ԱՍ»:
Ան վիրաւորուեցաւ նախորդ 22 նոյեմբերին, Սփորթինկ Լիզպոնի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Նշենք, որ նախապէս կը նշուէր, որ ան առաւելագոյնը 2-3 ամիսով միայն պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, մինչ երէկ ի յայտ եկաւ, որ ան իր կազմին հետ պիտի չըլլայ յառաջիկայ 25 մրցումներուն:
Արքայական ակումբին հետ ան ցարդ 15 մրցումի ընթացքին նշանակած է 7 կոլ եւ կատարած 4 կոլի փոխանցում:


