Հայաստանի տղոց խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի քարաթէի ախոյեանութեան, տիրացաւ 4 մետալի, կը յայտնէ Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Ռաֆայէլ Վարդանեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան, Արթուր Ասրեան տիրացաւ արծաթ մետալին, մինչ Հայկ Մկրտումեան եւ Արթուր Առուշանեան արժանացան պրոնզ մետալներու:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան մասնակցեցաւ 4 մարզիկով: