Պարսելոնայի նախագահ Ժոան Լափորթա ակումբի գլխաւոր վեհաժողովի ընթացքին խօսած է քաթալաններու ակումբի նախկին յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հրաժեշտի մրցումին կազմակերպման մասին:
«Մենք արդէն իսկ նշած ենք, որ երբ մարզադաշտը վերջնականապէս պատրաստ ըլլայ, անոր պատուոյն յատուկ արարողութիւն պիտի կազմակերպենք: Կար տարբերակ մը, որ ան տարեշրջան մը եւս խաղար մեր ակումբին հետ, բայց արժանթինցին այլ որոշում տուաւ: Մենք մեծ ուրախութեամբ կը կազմակերպենք մեծարանքի այդ երեկոն», ըսաւ Լափորթա:
Սկզբունքով «Քամփ Նու»-ի շինարարական աշխատանքները վերջնականապէս կ՛աւարտին 2028-ի սկիզբը, որմէ ետք մարզադաշտը պիտի կարենայ ընդունիլ 105 հազար համակիրներ:
Նշենք, որ Մեսսի Ինթեր Մայեմիի հետ իր վերջին մրցումին նշանակեց կոլ մը, որ իր ասպարէզի 930-րդն էր: Ազատ հարուածով նշանակած անոր կոլը պատմական էր: Այդ կոլը թիւ 75-ն էր ազատ հարուածով, որուն շնորհիւ ան կրցաւ գերազանցել պրազիլցի Ժայիր Տա Ռոզա Փինթոն (74 կոլ):
Համաշխարհային բացարձակ մրցանիշը կը պատկանի այլ պրազիլցիի մը` Մարսելինօ Քարիոքայի, որ 78 կոլ նշանակած է ազատ հարուածով:


