ՀՄԸՄ Պէյրութի նախկին յետսապահ եւ այժմու Երեւանի բանակայիններու խմբապետ Արգիշտ Պետրոսեան հրաւիրուեցաւ Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած Հայաստանի ազգային խումբ:
Նախապէս նկատի առնուած Ստիոփա Մկրտչեան, որ այժմ կը խաղայ Գերմանիոյ Նիւրեմպերկ ակումբին հետ, նախապէս վիրաւորուած ոտքէն ցաւեր զգալով չկրցաւ միանալ ազգային խումբին, բան մը, որ ստիպեց Արգիշտի վերադարձը:
Նշենք, որ նախապէս Էտկար Գրիգորեան վիրաւորուած էր եւ փոխարինուած Խարիտոն Այվազեանով:
Արդէն իսկ շարք մը ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին Վահան Բիչախչեան, Հրանդ-Լէոն Ռանոս, Յովհաննէս Յարութիւնեան, Նորպերթօ Պրիասքօ Բալեկեան եւ Կամօ Յովհաննիսեան նկատի չէին առնուած վիրաւոր ըլլալնուն պատճառով:
Ազգերու լիկայի Գ. կարգի Բ. խմբակի մրցումներուն գծով, Հայաստանի ազգային խումբը ուրբաթ օր Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Լաթվիան, իսկ 28 սեպտեմբերին (երկուշաբթի) պիտի հիւրընկալէ Մոնթենեկրոն:
2 հոկտեմբերին հաւաքականը պիտի մեկնի Կիպրոս` մրցելու տեղւոյն ազգային խումբին դէմ, իսկ 3 օր ետք Մոնթենեկրոյի մէջ պիտի ըլլայ հիւրը այդ երկրի հաւաքականին:


