Նոա Ակումբը Սկսած Է Իր Ապագայ Մարզադաշտի Կառուցման Նախապատրաստութիւններուն
Երեանի Նոա ակումբը իր ապագայ մարզադաշտի կառուցման նախապատրաստական աշխատանքներուն սկսաւ: Ակումբի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս ուղղութեամբ առաջին մեծածաւալ քայլը արդէն իսկ առնուած է: 130 միլիոն դրամի ներդրման շնորհիւ, տարածքէն անցնող ելեկտրական գիծերը տեղափոխուած են գետնին տակ, եւ ատոր շնորհիւ այդ տարածքը շինարարական յաջորդ փուլերուն պատրաստ է: Մօտ 1,6 քիլոմեթր հատուածին մէջ իրականացուած են անհրաժեշտ հողային աշխատանքները եւ տեղադրուած...




















