Վաղը յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Սելաաթայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութ աւարտական հանգրուանի իր 4-րդ մրցումը պիտի կատարէ հիւսիսի ախոյեան Արապի Աքքարի դէմ:
ՀՄԸՄ, որ իր նախկին 3 մրցումներուն ալ յաղթանակներ արձանագրած էր Սաֆա Շուէյֆաթի (2-0), Ղատիր Հարիսի (3-0) եւ Նասր Քամետ Լոզի դէմ (7-1), պիտի փորձէ իր առաւելագոյնը կատարել եւ 3 կէտերով վերադառնալ Պէյրութ:
Յաղթանակ մը խումբը կրնայ բարձրացնել Գ. դասակարգ, եւ տղաքը այդ պայմանով դաշտ պէտք է ներկայանան: Ճիշդ է, որ թուաբանական հաշիւներով հաւասարութիւնն ալ բաւարար կրնայ ըլլալ, բայց վստահաբար համակիրներուն նման մարզիկներն ալ պիտի ուզեն յաղթել: ՀՄԸՄ-ի այս տարեշրջանի ուժը խմբային խաղին մէջ է, ուր մրցակիցին հանգիստ կը ձգեն մինչեւ դաշտի կեդրոն, եւ յանկարծակի խմբային ճնշումով գնդակին կը տիրանան եւ անմիջապէս հակայարձակում կազմակերպելով կը գրաւեն մրցակիցին բերդը: Արագ ֆութպոլը շատ կարեւոր է վերջին տարիներուն եւ խմբային արագ ֆութպոլը իր արդիւնքը կու տայ դաշտին վրայ:
Համակիրներէն կ՛ակնկալուի մեծ թիւերով ներկայանալ հիւսիսի Սելաաթայի դաշտը (Պաթրունի շրջան)` քաջալերելու համար տղաքը, որոնք այս տարի շատ գեղեցիկ ֆութպոլ կը ցուցաբերեն:


