Լիբանանի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան զտումի իր վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը բաւական բացակայ մարզիկներով չկրցան յաղթել Ռասինկին:
Մրցումը առաւօտեան ժամը 10:00-ին էր, եւ որովհետեւ Կի Խանճեան, Յակոբ Ապտալեան եւ Օմար Հոսարի քանի մը ժամ ետք Գ. դասակարգ բարձրանալու աւելի կարեւոր մրցում ունէին, չմասնակցեցան այս մրցումին:
Բայց պէտք է ըսել, որ տղաքը բաւական լաւ էին եւ նոյնիսկ 4-2 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցան 4-4 արդիւնքով աւարտել մրցումը` շնորհիւ իրենց պայքարի ոգիին եւ յաղթանակի կամքին: Դժբախտաբար, խումբը չկրցաւ ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունք ստանալ` դուրս մնալով զտումի մրցումներէն, բայց տղաքը շատ գեղեցիկ ֆութպոլ խաղցան եւ տպաւորեցին նոյնիսկ մրցակիցները:


