Դառնալէ ետք առաջին հայկական ակումբը, որ կը մասնակցի եւրոպական երեք բաժակներու աւարտական մրցաշարքին, Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա իր առաջին մրցումը կատարեց Երեւանի մէջ եւ 4-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Չեխիոյ Սփարթա Փրակայէն:
Արդիւնքը ծանր էր, բայց խաղի ընթացքը բաւական տպաւորիչ էր, եւ մրցումէն ետք նոյնիսկ Սփարթայի մարզիչը ընդունեց, թէ որքա՛ն դժուար էր Երեւանի մէջ խաղալը:
Կրնայ ըլլալ, որ խմբային լաւ մրցում չկրցաւ խաղալ Արարատ Արմենիան, բայց անհատական գետնի վրայ բաւական լաւ էր:
«Եուրոփա լիկ»-ի հետաքրքրական երեւոյթ մըն ալ պատահեցաւ, երբ Արարատ Արմենիայի մարզիկներէն Զիտան Պանճաքի (Կինէ-Պիսօ) ելոյթ ունեցաւ Երեւանի մէջ, մինչ Զիտանի կրտսեր եղբայրը` Տանիէլ Պանճաքի, որ Պենֆիքայի մարզիկ է, աւելի յաջող ելոյթ ունեցաւ Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ, Ա. Սէ. Միլանի դէմ մրցումին:
Պենֆիքա կրցաւ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալ Ա. Սէ. Միլանի դէմ մրցումին:
Հետաքրքրականը այն է, որ երկու եղբայրները վերջին շաբթուան ճակատումին իրար դէմ պիտի մրցին, երբ Միլան պիտի հիւրընկալէ Արարատը:


