Երէկ առաւօտեան ժամերուն հայազգի մարտիկ Արման Ծառուկեան (24-3) տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էֆ. Սի. 331» մրցաշարքի կարեւորագոյն մենամարտերէն մէկուն:
Թեթեւ կշիռքի լաւագոյն մարզիկներէն նկատուած Ծառուկեան, առաջին ռաունտի աւարտէն 4 երկվայրկեան առաջ, նաք-աութի ենթարկեց պրազիլցի Մաուրիսիօ Ռուֆին, որ իր կարգին «Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռքի դժուարագոյն մրցակիցներէն մէկն էր:
Առաջին ռաունտը աւարտելու վրայ էր, երբ Արման արմուկի հարուածով մը ցնցեց Ռուֆին. հարուած մը եւս, եւ մրցակիցը գետին տապալած էր, մինչ իրաւարարը հեռացուց Արման Ծառուկեանը` վերջ տալով մրցումին:
Մինչեւ այդ պահը մենամարտը բաւական հաւասարակշռուած էր, ուր Արման Ծառուկեան յաճախ կը փորձէր գետին բերել իր մրցակիցը, որ աւելի վստահած էր բռունցքին եւ ըմբշամարտի ճկունութիւն չունէր:
Արման Ծառուկեանի ուժը իր կրեփլինկի, հմտութեան եւ զանազան խաղաոճերու տիրապետութեան մէջ է:
Այս ցնցիչ յաղթանակէն ետք, «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախագահ Տանա Ուայթ այլեւս կասկած չունեցաւ, որ Արման Ծառուկեան արժանի է տիտղոսի մրցումի մը: Պէտք է ըսել նաեւ, որ Արման Ծառուկեանի յաղթանակը իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակն էր:
Նոյն մրցաշարքին գծով, հայազգի մարտիկ մը եւս` Էդմեն Շահբազեան միջին կշիռքի իր մենամարտին կէտերու առաւելութեամբ (իրաւարարներու որոշումով) պարտութեան մատնեց պրազիլցի Պրունօ Ֆերէյրան: Երեք իրաւարարներն ալ յաղթանակը շնորհեցին Էդմենի (29-28, 29-28 եւ 30-27):


