Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

December 9, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայ Եկեղեցւոյ Վերանորոգումը, Մարդուժի Պատրաստութիւնը,
Արժէքներու Վերաշեշտումը, Սփիւռքի Վերակազմակերպումը,
Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Գաղութներու Զօրակցութիւնը, Հայաստանի
Եւ Արցախի Հզօրացման Մասնակցութիւնը Պէտք Է Մնան
Առաջնահերթութիւն» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2022-ի ժամը 9:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պաշտօնական բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին: Չորս տարին անգամ մը գումարուող Ազգային ընդհանուր ժողովին կը մասնակցին թեմակալ առաջնորդներ եւ թեմերու պատգամաւորներ, շուրջ 125 երկսեռ անձեր:

Արամ Ա. կաթողիկոս, հայրապետական օրհնութեամբ ողջունելէ ետք ժողովը, ներկաներուն յայտնեց, որ մեր ժողովուրդի պատմութեան վճռորոշ փուլին գումարուող այս ժողովը կոչուած է տալու այնպիսի որոշումներ եւ ճշդելու աշխատանքի ուղղութիւններ, որոնք մեր Ս. աթոռին համազգային առաքելութեան նոր ծաւալ ու շեշտ պիտի տան: Ապա վեհափառ հայրապետը առաջարկեց նշանակում պատգամաւորներու երիցագոյն ու կրտսերագոյն անդամներէ կազմուած առժամեայ դիւանի, որուն յաջորդեց մնայուն դիւանի ընտրութիւնը:

Վաչէ Նաճարեան (Լիբանանի թեմ) եւ Արա Շահվերտեան (Թեհրանի թեմ), համաատենապետներ ընտրուեցան եւ դոկտ. Հուրի Ազէզեան (Բերիոյ թեմ) եւ Էլիզապեթ Պոյաճեան (Արեւմտեան թեմ, Միացեալ Նահանգներ)` համաատենադպիրներ: Դիւանը, իր կարգին, հետեւելով օրակարգի ընթացքին, հետեւեալ յանձնախումբերը ընտրեց.- Լիազօրագիրներու յանձնախումբ (Գեղամ արք. Խաչերեան` Յունաստանի թեմ, Վահան Այնէճեան` Կիպրոսի թեմ, Քեռի Սարգիսեան` Քուէյթի թեմ), Բանաձեւի յանձնախումբ (Գրիգոր արք. Չիֆթճեան` Ատրպատականի թեմ, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան` Արեւմտեան թեմ, Միացեալ Նահանգներ, Զարմայր Սեդրակեան` Արեւելեան թեմ, Միացեալ Նահանգներ, Նորայր Արամեան` Թեհրանի թեմ, Շահան Գանտահարեան` Լիբանանի թեմ), Ընտրական յանձնախումբ (Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու թեմ, Վիգէն Աւագեան` Լիբանանի թեմ, Յարութիւն Հայրապետեան` Բերիոյ թեմ, Ծովիկ Թէրզեան` Քանատայի թեմ, Նոէլ Մինասեան` Սպահանի թեմ), Հաշուեքննիչ յանձնախումբ (Մարկոս Սնապեան, Արա Հացագործեան եւ Յակոբ Քէշիշեան):

Ապա ատենապետը վեհափառ հայրապետը հրաւիրեց իր պատգամը ուղղելու ժողովին: Արամ Ա. կաթողիկոս յիշելէ ետք, որ վերջին հինգ տարիները տագնապալից տարիներ եղան համաճարակին, Արցախի պատերազմին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապին հետեւանքով, յայտնեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը շարունակեց իր առաքելութիւնը պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ: Ընդհանուր գիծերով անդրադառնալէ ետք կաթողիկոսութեան առաքելութեան յատկանշական երեսներուն ու իրագործումներուն, յառաջիկայ շրջանին համար իբրեւ աշխատանքի հիմնական բնագաւառներ շեշտեց հետեւեալ առաջնահերթութիւնները. Հայ եկեղեցւոյ վերանորոգում, մարդուժի պատրաստութիւն, արժէքներու վերաշեշտում, սփիւռքի վերակազմակերպում, Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու զօրակցութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւն: Իւրաքանչիւրին մասին վեհափառ հայրապետը իր պատկերացումը ներկայացուց եւ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակից դառնալու մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան, որովհետեւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հոգեւոր արժէքներու կենսագործման ու կրօնական դաստիարակութեան առընթեր, նաեւ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումն է եւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը:

Նոյն օրը, յաջորդող նիստերուն տեղի ունեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրներու ներկայացում: Շուրջ 400 էջերու վրայ տարածուած յիշեալ տեղեկագիրները համապարփակ քննարկումի ենթարկուեցան ժողովականներուն կողմէ: Հարցումներուն պատասխան տրուեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն կողմէ: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ տուաւ ու արժեւորումներ կատարեց:

Ժողովը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ յաջորդող օրերուն:

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցած Է Փարիզի Քաղաքապետին Հետ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.