Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ. Ատամնաբուժի Օգնականներ Պատրաստելու Ծրագիրի Առաջին Հանդիպումը

December 17, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին  ձեռնարկած ատամնաբուժի օգնականներ պատրաստելու ծրագիրին առաջին հանդիպումը:

Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բացատրեց, որ ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը, Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ, գործակցաբար Սեն Ժոզեֆ համալսարանին, ձեռնարկած է ատամնաբուժի օգնականներ պատրաստելու աշխատանքին, աւելցնելով, որ այս համագործակցութիւնը երկրորդն է, որ կ՛իրականացուի օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան յաջողութեամբ աւարտած ծրագրէն ետք: Ան դիտել տուաւ, որ բաժանմունքին նպատակն է օգտակար հանդիսանալ հայ երիտասարդ- երիտասարդուհիներուն ներկայ տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ:

Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս եւ ծրագիրի իրականացման մէջ իր ներդրումը ունեցած դոկտ. Հիլտա Պայրամեան խօսք առնելով` դիտել տուաւ, որ իրենց նպատակն է կարելի եղած սահմաններուն մէջ գործի առիթ ստեղծել մասնակիցներուն: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ներկայ 24 մասնակիցներուն` յոյս յայտնելով, որ միասնաբար յաջողութիւն ձեռք պիտի բերեն:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան ըսաւ, որ ասիկա Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երկրորդ ծրագիրն է, որուն առաջինը հարիւր տոկոսով յաջողութեամբ պսակուած էր, աւելցնելով, որ այս ծրագիրի կազմակերպման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի դոկտ. Հիլտա Պայրամեան: Ան մաղթեց, որ երկրորդ ծրագիրը եւս յաջողութեամբ աւարտի, եւ իւրաքանչիւրը համապատասխան վկայական ստանալով` կարենայ աշխատանքի լծուիլ եւ եկամուտ ապահովելու առիթ ունենալ:

Ծրագիրի պատասխանատու դոկտ. Գարին Մհաննա խօսք առնելով` շեշտեց, որ ինք շատ կը յարգէ հայ ժողովուրդի բարքերը, սովորութիւնները, մտածելակերպը: Ապա ան խնդրեց մասնակիցներէն, որ ամփոփ կէտերուն մէջ իրենք զիրենք ծանօթացնեն, որմէ ետք իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս գործակցութեան համար: Ան անդրադարձաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի օրէնքներուն` դիտել տալով, որ համալսարանը շատ կազմակերպուած է, եւ հարկ է հետեւիլ օրէնքներուն` հաստատելով, որ համալսարանի մթնոլորտը շատ մտերմիկ եւ ընտանեկան է: Ան յորդորեց մասնակիցները, որ որեւէ դժուարութեան պարագային կամ լուսաբանական հարցում եթէ ունենան, անվարան դիմեն իրենց: Դոկտ. Գարին Մհաննա նաեւ բացատրութիւններ տուաւ ծրագիրին մէջ ներառուած դասընթացքներուն մասին:

Աւարտին իւրաքանչիւր մասնակիցի յանձնուեցաւ ծրար մը, որ կը պարունակէր ծրագիրի ժամանակացոյցը եւ նուէրներ:

 

Նախորդը

Ննջեցեալի Թաղո՞ւմ, Թէ՞ Դիակիզում

Յաջորդը

Ազրպէյճանցի Պախշիեւ Սպաննուեցաւ Գերմանիոյ Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.