Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ այցելեցին «Վանայ Ձայն», ուր անոնք դիմաւորուեցան ռատիոկայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի կողմէ:
Վ. Աւագեան մեծ սիրով ընդունեց ծրագիրին մասնակիցները եւ «Վանայ Ձայն»-ի տարբեր բաժանմունքներուն մասին ներկայացուց համապարփակ տեղեկութիւններ` ներկաները հաղորդակից դարձնելով լսատեսողական լրատուամիջոցներու գործունէութեան:
Այս շրջագիծին մէջ ան անդրադարձաւ կայանին մէջ կատարուած լրատուութեան, յայտագիրներու եւ ծանուցումներու պատրաստութեան, խօսնակներու եւ ձայնի հաղորդավարներու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ վարչական եւ թեքնիք աշխատանքներու հոլովոյթին:
Ապա ան ներկայացուց արդիական եւ այժմէական այն միջոցները, որոնք «Վանայ Ձայն»-ի կողմէ կ՛օգտագործուին` քայլ պահելու համար արհեստագիտական այսօրուան չափանիշներուն հետ:
«Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները ծանօթացան նաեւ «Վանայ Ձայն»-ի սթիւտիոներուն, ուր անոնք հետեւեցան նաեւ թեքնիք բացատրութեան, որ ներկայացուեցաւ ռատիոկայանի ձայնի հաղորդավարներէն Յակոբ Չպլաքեանի կողմէ:
Յ. Չպլաքեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց նաեւ յայտագիրները արխիւի վերածելու ձեւերն ու միջոցները, ուղղակի սփռուող յայտագիրներուն ընկերակցելու թեքնիքները, ինչպէս նաեւ երգեր սփռելու ծրագիրները: