Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահ` Նախկին Նախարար Եւ Երեսփոխան Մեթր Ժաք Չուխատարեանի

Դեկտեմբեր 17, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան 88-ամեայ արդիւնաւէտ կեանք մը ամբողջացնելէ ետք իր մահկանացուն կնքեց նախկին նախարար եւ երեսփոխան մեթր Ժաք (Յակոբ) Չուխատարեան:

Մեթր Յակոբ Չուխատարեան ծնած է Պէյրութ, 24 մարտ 1934-ին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Ֆրերներու դպրոցը, Ժըմէյզի: 1954-ին  արձանագրուած է Յիսուսեան համալսարանը` մասնագիտանալով իրաւաբանութեան մէջ. շրջանաւարտ եղած է 1958-ին:

Երիտասարդ տարիքին ան աշխատած է լիբանանեան մաքսային վարչութեան մէջ, ապա փաստաբանի վկայականը ստանալով միացած է Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքային, որմէ ետք փորձառական շրջան մը անցընելէ ետք մեթր Անթուան Քազանի մօտ,  իր անձնական գրասենեակը հիմնած է 1963-ին:

Ան Մասնակցած է լիբանանեան խորհրդարանի տարբեր յանձնախումբերու: 8 տարի եղած է անդամ խորհրդարանի դիւանին։

24 դեկտեմբեր 1990-ին նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի կառավարութեան մէջ կենսոլորտի հարցերու պետական նախարար նշանակուած է:  Կենսոլորտի հարցերով զբաղող տարբեր համագումարներու մասնակցած է:

Ան անդամակցած եւ ապա նախագահած է Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ միութեան:

Ան փաստաբանը եղած է Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ բազմաթիւ ընկերութիւններու: Իբրեւ պետական երեսփոխան ան անդամ եղած է Հայկական երեսփոխանական պլոքին: Ան երեսփոխան ընտրուած է 1992-ին եւ 1996-ին:

Մեթր Ժաք (Յակոբ) Չուխատարեանի մահով լիբանանահայութիւնը կը կորսնցնէ ո՛չ միայն իր ասպարէզին մէջ հմուտ իրաւաբան մը, այլ նաեւ փորձառու քաղաքական գործիչ մը եւ իր համայնքին պէտքերուն հասնող ու շահերը պաշտպանող անձնաւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Այցելեցին ԳՈՀԱՐ Գրադարան

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
Գաղութային

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հոկտեմբեր 7, 2025
«Սարգիս Կիրակոսեան« Գրասենեակի Բացում «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ
Գաղութային

«Սարգիս Կիրակոսեան« Գրասենեակի Բացում «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Հոկտեմբեր 7, 2025
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում` «Պուրճ Համուտը Սփիւռքահայութեան Բաբախող Սիրտը» Խորագիրով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում` «Պուրճ Համուտը Սփիւռքահայութեան Բաբախող Սիրտը» Խորագիրով

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?