Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Արեգ» Մանկապատանեկան Թատերախումբը Ներկայացուց «5-րդ Եղանակը» Երաժշտախառն Թատրերգութիւնը

December 16, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 15 դեկտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբը աշակերտական ելոյթով հանդէս եկաւ «5-րդ եղանակը» երաժշտախառն թատրերգութեամբ, հեղինակ եւ բեմադրիչ` Սիլվա Սողոմոնեան: Ներկայ էին Թէքէեան, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան, Ազգային Միացեալ, Ս. Խաչ-Հարպոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարաններու աշակերտները:

Թատրերգութիւնը պատմողը` Լիլիթ Տեմիրճեան, կը կարդայ բանաստեղծ Զահրատի հեղինակած գիրքերէն մին` 5-րդ եղանակի շուրջ. «Տարին ունի չորս եղանակ` գարուն, ամառ, աշուն, ձմեռ, իսկ ես կ՛ապրիմ 5-րդը` ես իմ մէջ» եւ կարդացած ատեն յանկարծ 5-րդ եղանակի մասին կը լսէ եւ պատմութիւնը կը սկսի: Բեմը կը բացուի, ուր մեծ պաստառներու վրայ գծագրուած են տարուան չորս եղանակները, որ իրականացուած է Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի ուսուցչուհի Տարիա Խտըշեանի կողմէ:

Պատմութիւնը կը բաղկանայ չորս տեսարաններէ եւ կը ներկայացնէ տարուան չորս եղանակները, որոնք կը խորհրդանշեն 4 հանգրուանային տարիքները` մանուկ, պատանի, երիտասարդ, տարեց, ապա` աւելի բարձր: Գարունը կեանքի մանկութիւնն է, ամառը երիտասարդութիւն է, աշունը միջին տարիքն է, իսկ ձմեռը առանձնութիւն, ցաւ եւ տխրութիւն է, սակայն կայ նաեւ 5-րդ եղանակի մը փնտռտուքը: Աղջնակ մը` Սէրլի Սիւմպիւլեան, կը փորձէ գծել տարուան լաւագոյն եղանակը եւ ընթացքին չորս եղանակները կը տողանցեն հանդիսատեսին դիմաց: Տարուան եղանակները իրարմէ կը բաժնուին պալէի շարժումներով, որոնք կը ներկայացնեն պալէի դպրոցի աշակերտներէն` Նարէ Աբրահամեան, Սէրլի Սիւմպիւլեան, Ֆիմի Արսլանեան, Սեւանայ Կարապետեան, Վանայ Կարապետեան, Քամի Պոյաճեան, Արազ Միսիսեան, Սէրլի-Ռոզի Շահինեան, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար` Ճենի Գոլոյեան: Թատրերգութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ տհոլահարներ Վարանդ Կիրակոսեան եւ Սէրուժ Գույումճեան` ղեկավարութեամբ Նարեկ Քէշիշեանի:

Աղջնակը, որ պիտի գծէ տարուան լաւագոյն եղանակը, վերջաւորութեան կը հասկնայ, որ լաւագոյն բան չկայ, լաւագոյնը ամբողջութիւնն է միշտ կեանքի մէջ: Մէկը միւսէն լաւ բան չկայ, նաեւ տարիք չկայ մէկը միւսէն լաւ. երիտասարդը ուժ ունի` փորձառութիւն չունի, մեծը փորձառութիւն ունի` ուժ չունի, այսինքն ամէն մէկուն քով բան մը կը պակսի, բայց ամբողջութիւնն է, որ գեղեցիկ է, եւ աղջնակը 5-րդ եղանակ մը կը գծէ, որուն մէջ բոլորը կան, 5-րդ եղանակը միշտ ամբողջութիւն մըն է: 5-րդ եղանակը կը բովանդակէ՝ հաշտութիւն, ուրախութիւն, լաւատեսութիւն, որոնք բոլորը մեզի կ՛արտօնեն, որ կեանքը աւելի լաւ ձեւով ապրինք եւ վայելենք:

Թատրերգութեան մէջ դերեր ստանձնած են նաեւ` Արման Քէրքէզեան, Մարին Չաքմաքեան, Լոռի Սոլաքեան եւ Կալիա Գարկայեան` գարնան եղանակ, Օլիվըր Տեմիրճեան, Լիս Քենտիրճեան, Վանայ Կարապետեան եւ Սեւանայ Կարապետեան` ամառ, Յարութ Օղկասեան, Լալիկ Ալթունեան, Արմէն Սիւմպիւլեան եւ Կալիա Խաչատուրեան` աշուն, Ալպերթօ  Չափարեան, Կարին Այվազեան, Անժելա Կէօվլեքճեան, Էմմա Յարութիւնեան` ձմեռ:

Յայտնենք, որ թատերախումբը հանդէս պիտի գայ նաեւ այսօր` ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, ժամը 11:00-ին եւ 12:30-ին աշակերտական երկու ելոյթներով, որուն ներկայ պիտի գտնուին Մխիթարեան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու աշակերտները, իսկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին` միայն մէկ ելոյթով:

Նախորդը

Վիճակահանութեան Անէծքի Զոհեր

Յաջորդը

Ազգային Ընդհանուր Ժողովէն Ետք. Հայակերտումի Եւ Հայրենակերտումի Առաքելութեան Շարունակականութիւնը` Նոր Թափով

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.