Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծննդեան Համերգներու Երթը «Գուսան» Երգչախումբին Հետ Կը Շարունակուի Այնթուրայէն

December 16, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ կիրակի մայրաքաղաքէն ընթացք առած Ս. Ծննդեան Պէյրութի փառատօնը շարունակուեցաւ այս անգամ Քեսրուանի մէջ` Այնթուրայի Ս. Ծննդեան փառատօնին, «Ֆիլոքալիա» մշակութային կազմակերպութեան մէջ, ուր Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանին, կատարեց հայկական երեկոն:

Համաշխարհային երգչախումբերու տօնին օրը` կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այնթուրայի Այցելութեան վանքի «Ֆիլոքալիա» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած  երեսուն  համերգներէն հայկականը` վերնագրուած «Advent Nativity- Գալուստն է Ս. Ծննդեան», պատիւ էր հայ ազգին, յատկապէս` Քեսրուանի հայութեան, որ իր իւրայատուկ ներդրումը ունի տեղւոյն հոգեւոր, կրթական, արհեստներու վերելքին մէջ:

Փառատօնը, որ կը վայելէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին բարձր հովանաւորութիւնը,  հանապազորդ դրութեամբ ներառեց տօնական համերգներ` Միջին Արեւելքի ու Եւրոպայի զանազան երգչախումբերու կողմէ: Զուգահեռաբար կատարուեցաւ տօնական զարդերու եւ ուտեստներու վաճառք:

Համերգին ներկայ էին` Լիբանանի մշակութասէր անձնաւորութիւններ, Քեսրուանի, Լեռնալիբանանի եւ Ճիպէյլի շրջաններէն  կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Այնթուրայի քաղաքապետը, եկեղեցականներ, դպրոցներու տնօրէններ, Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամներ, գեղարուեստի ղեկավարներ, համազգայնականներ, երաժշտասէրներ եւ «Գուսան»-ի ընկերներ ու բարեկամներ:

Համերգէն առաջ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Կարէն Եօսուլքանեան, որ մտորումներով ներկայացուց օրուան թեման, եւ յանուն «Գուսան»-ի ու Համազգայինի` շնորհակալութիւն յայտնեց եւ հաստատեց տասնհինգ տարիներու մնայուն ու հետեւողական գործակցութիւնը «Ֆիլոքալիա»-ի եւ Համազգայինի «Գուսան»-ին միջեւ` զայն նկատելով առողջ եւ արդիւնաբեր:

Համերգը սկիզբ առաւ «Գուսան» երգչախումբի հիմնադիրի` Կոմիտասի չորս պարեղանակներով, որոնք կատարուեցան դոկտորայի թեկնածու Մորիս Ղանըմի` թրիփոլիցի լիբանանեան երաժշտագէտին կողմէ, որ կ՛ուսումնասիրէ հայ երաժշտութիւնն ու Կոմիտասի աշխատանքները եւ «Գուսան» երգչախումբի հիմնադրութիւնը` 1910-էն մինչեւ օրս, Ռումանիոյ Քլուժ Փոնիքայի համալսարանին մէջ:

Անոր յաջորդեցին հարազատ աւանդութեամբ տաղեր` մեներգութեամբ Մարալ Շաննաքեանին եւ շարականներ հայոց տաղարանէն ու շարակնոցէն` ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի ու Ալեքս Սուսանիի: Անկէ ետք երգչախումբը կատարեց  Եկմալեանի ու Շուպըրթի պատարագներէն բաժիններ, որուն կցեց Կոմիտասի, Մուրզայի գործերէն բաժիններ. մեներգեցին` Հելէն Եաղլճեան, Պօղոս Տօնիկեան ու Սիրան Արծրունի:

Ս. Ծննդեան գալուստը չէր ամբողջանար Այնթուրայի լերան վրայ` առանց յիշելու հայ ազգի վերապրող մանուկները, որոնք զարդարեցին հայ ազգը, եւ անոնց եռանդով երգչախումբը թնդացուց Այցելութեան վանքը, երբ  սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան կատարեց Պրամզի «Օրօրոցային»-ը, ապա` «Լայլաթ ալ Միլատ», «Գիշերն իջաւ», «Լուռ գիշեր» երգերը, որով հանդիսատեսները հրճուեցան` մեներգութեամբ Նայիրի Լօշխաճեանի, Ֆատի Պաշխնճիի, Լարա ու Ճեսի Աւետիսեաններու, Շողիկ Թորոսեանի, Աւետիս Ագրապեանի, Համեստ Պոյաճեանի, Կարէն Գազանճեանի, Սանահին Նալպանտեանի, Տեսիլ Լօշխաճեանի եւ կիթառով` Ալեքս Լեւոնեանի:

Շնորհակալութեան խօսքին յաջորդեց «Փառք քեզ Աստուած»-ը` մեներգութեամբ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի. այս երգը դարձաւ «Գուսան» երգչախումբին գոհութեան երգը` նախորդ եռամեայ դժուարութիւնները շրջանցելէ ետք:

Աւարտին քոյր Մարանա Սաատ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավարին, երգողներուն եւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին եւ իր սրտի խօսքը արտասանեց` գնահատելով գուսանականներուն առաքելութիւնը` Կոմիտասի աւանդը վառ պահելու եւ այս իւրայատուկ աշխատանքը շարունակելու: Մեծապէս գովեց ազգային հարազատութիւնը, զոր «Գուսան»-ն ու Համազգայինը կը շարունակեն: Խօսքը աւարտեց տօնական բարեմաղթութիւններով եւ Համազգային-«Ֆիլոքալիա» գործակցութեան միջեւ շարունակական նոր ծրագիրներով հանդէս գալու պատրաստակամութեամբ:

«Գուսան» երգչախումբը հմայեց ժողովուրդը` գրաւելով նաեւ օտար ներկաներուն ուշադրութիւնը` հայկական երգեցողութեան եւ երգչախմբային կատարումին:

Երեկոն կնքուեցաւ «Պահպանիչ»-ով` օրհնութեամբ Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեանի:

«Գուսան» երգչախումբի @Kousan-Chamber-Choir,   Դիմատետրի, փառատօնի «Ինսթակրամ»-ի @Philokaliainstitute էջերէն ուղիղ սփռումով ներկայացուեցաւ ամբողջ հանդէսը` առիթ ընծայելու նաեւ Համազգայինի բոլոր բարեկամներուն հետեւելու համար այս իւրայատուկ ներկայացումին:

Վարձքը կատա՛ր մայեսթրոյին եւ դաշնակահարներուն, ձայնը անսպառ «Գուսան» երգչախումբի բոլոր անդամներուն:

Նաեւ կը տեղեկացնենք, որ 17 դեկտեմբերին,  երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ճիպէյլ-Պիպլոսի Խաչակրաց ԺԲ. դարու Ս. Յովհաննու Մարկոս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան համերգ` Ճիպէյլ, Ամշիթի, Պաթրունի եւ շրջակայից հայոց համար, որուն հրաւիրուած են նաեւ Լիբանանի մարոնի միաբանութիւնը եւ Ճիպէյլ վանական համալիրի մեծաւոր հայրը:

24-25 դեկտեմբերին, 5-6 յունուարին երգչախումբը տարբեր ծրագիրներու իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ, եւ այս բոլորը պիտի սփռուին «Գուսան»-ի Դիմատետրի, «Ինսթակրամ»-ի եւ «Եութիուպ»-ի Kousan Chamber Choir էջերէն:

Նախորդը

Ազգային Ընդհանուր Ժողովէն Ետք. Հայակերտումի Եւ Հայրենակերտումի Առաքելութեան Շարունակականութիւնը` Նոր Թափով

Յաջորդը

«Փարիզ-2024». Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական Կոմիտէն Համաձայն` Ռուսիոյ Մասնակցութեան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.