Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը Կ՚օժանդակէ Կարիքաւոր Ընտանիքներու Եւ Կը Հովանաւորէ 2023-2024 Կրթական Տարեշրջանի Աշակերտներու Կրթաթոշակը

December 10, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին նախագահութեամբ 7-9 Դեկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին, յանուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան թեմակալ առաջնորդ սրբազանը երախտիքի ու շնորհակալութեան խօսք առնելով՝ ուրախութեամբ յայտնեց, որ թեմը, 2023-2024 կրթական տարեշրջանին, Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն գործնապէս զօրակցելու յանձնառութենէն մեկնած, ազգային վարժարաններ յաճախող 100 աշակերտի պիտի տրամադրէ կրթաթոշակի օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ նոյն թեմի ազգայիններէն եւ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւոր Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, իր տիկնոջ՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի յիշատակին, պիտի հոգայ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարան յաճախող 100 աշակերտի կրթաթոշակի ծախսերը։

«Երբ կ՚ըսենք Լիբանան եւ լիբանանահայութիւն, ամէն բանէ առաջ, մենք կը հասկնանք մեր Կեդրոնը՝ Կաթողիկոսարանը եւ Կաթողիկոսարան ըսելով կը հասկնանք մեր խորհրդանիշը՝ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը. հետեւաբար, Վեհափառ Տէր, Ձեր օրհնութիւնը կը խնդրեմ, որ 2023-2024 տարեշրջանին, այս անգամ Լիբանանի ազգային վարժարաններուն համար, յանուն մեր պատգամաւորներուն ու մեր Ազգային Առաջնորդարանին, սկսիլ նոր հարիւր (100) աշակերտ հովանաւորելու ծրագրին, որպէսզի ըսենք մեր լիբանանահայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, ո՛չ թէ անցնող տարիներուն, այլ յառաջիկայ տարի եւս եւ այնքան ատեն, որ Ամենակալը մեզի ոյժ կու տայ եւ եղբայրութիւնը ներկայութիւն է մեր կեանքին մէջ, պիտի շարունակենք իրարու հետ աշխատիլ եւ գործել, վասն հայ ժողովուրդի պայծառութեան եւ հայ դպրոցի առաւել կենսաւորման։ Ուստի, Վեհափառ Տէր, կը փափաքինք հովանաւորել Լիբանանի Ազգային վարժարաններ յաճախող հարիւր (100) աշակերտի կրթաթոշակը եւս» յայտնեց առաջնորդ սրբազանը։

Անդրադառնալով ընդհանրապէս Լիբանանը եւ յատկապէս լիբանանահայութիւնը դիմագրաւող տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններուն ու տագնապներուն եւ մեկնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ թեմին ու անձնապէս ունեցած հաւատարմութենէն՝ Թորգոմ սրբազան յայտարարեց. «Դուք, Վեհափառ Տէր, շատ լաւ գիտէք եւ մեր թեմի պատգամաւորները եւս լաւապէս կը գիտակցին, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսը անձեռնմխելի ներկայութիւն եւ հեղինակութիւն է մեր ազգի ու հայ Սփիւռքի կեանքին մէջ։ Եւ իբրեւ մէկ այլ խորհրդանիշը մեր թեմին ունեցած ե՛ւ ակնածանքին, ե՛ւ ջերմութեան, ե՛ւ զօրակցութեան Ձերդ Սրբութեան, այս նոր տարուան առիթով, ի պատիւ Ձեր անձին, Վեհափառ Տէր, մենք կը փափաքին Լիբանանի հազար (1,000) կարիքաւոր ընտանիքներու նոր տարուան բոլոր ծախսերը ապահովել՝ Ձեր տրամադրութեան տակ դնելով հարիւր հազար ամերիկեան տոլար ($100,000), որպէսզի ի պատիւ Ձեզի բաշխուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

«Հետեւաբար, հետեւելով Ձեր օրինակին, Ձեր խօսքին, Ձեր տիպարին, Վեհափառ Տէր, մենք խօսքէն գործի անցնելու աշխատանքին մէջ ենք։ Պատիւը միայն Ձեզի եւ Ձեր ուղղութիւններուն»։

Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով վերոյիշեալ զօրակցական արտայայտութիւններուն ու գործնական նախաձեռնութիւններուն՝ ըսաւ, որ մեր կեանքը շրջապատող տխուր պայմաններու մէջ նման նախաձեռնութիւններ կը գօտեպնդեն մեզ, որովհետեւ մեր կատարած ծառայութիւնն ու սրբազան առաքելութիւնը բոլորին ծառայութիւնն ու առաքելութիւնն է։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին մէջ «մենք» եւ «դուք» բաժանումներ չկան, այլ կայ միայն «մենք»ը, որ կ՚օժանդակէ, կը զօրակցի ու կը ծառայէ հո՛ն, ուր կարիքը կայ։ Այս առիթով, Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց ընդհանրապէս թեմերուն եւ ի մասնաւորի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին ունեցած յանձնառութիւնը թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Լիբանանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ։

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 10 Դեկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Բանաձեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի (7-9 Դեկտեմբեր 2022)

RelatedPosts

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան

October 19, 2026
Ստացանք
Գաղութային

Ստացանք

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.