Գաղութային

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Ս. Թադէոս Եւ Ս. Բարթուղիմէոս Առաքեալներու Նախատօնակ` Մայրավանքին Եւ Դպրեվանքին Մէջ Ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2022-ին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ մեր եկեղեցւոյ առաջին լուսաւորիչներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներուն նախատօնակը` նախագահութեամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերու: Այս առիթով Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` լուսաւորիչ...

Թեհլիրեանի Անգլերէնի Թարգմանուած Յուշագրութիւններու Ներկայացում

Թեհլիրեանի Անգլերէնի Թարգմանուած Յուշագրութիւններու Ներկայացում

Երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2022-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերու անգլերէն թարգմանուած գիրքին ներկայացումը: Թեհլիրեանի յուշագրութիւնները անգլերէնի թարգմանուած են լիբանանահայ Պետօ Տեմիրճեանին կողմէ, իսկ գիրքի հրատարակութեան աշխատանքը ստանձանած էր «Կոմիտաս» հիմնարկը` Արա Սարաֆեանի տնօրինութեամբ: Օրուան հանդիսավարն էր Քրիստ Խրոյեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց. «Մեր պատմութեան մէջ հազուագիւտ է զէնք ու միաժամանակ գրիչ բռնող ձեռքը. Այդ ձեռքն...

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Ս. Ծննդեան Համերգ

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Ս. Ծննդեան Համերգ

Հովանաւորութեամբ եւ օժանդակութեամբ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2022-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ժմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` Ս. Ծննդեան «Weihnachtsfarben - Ծննդեան գոյներ» խորագիրը կրող համերգով, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի եւ Ալեքս Սուսանիի: Մեծաթիւ երաժշտասէր բազմութեան կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին` երեք յարանուանութեան ներկայացուցիչները, պետական...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողով 7-9 Դեկտեմբեր 2022

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողով 7-9 Դեկտեմբեր 2022

Նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, 7-9 դեկտեմբեր 2022-ին կաթողիկոսանիստ մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր ժողովը: Չորս տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ ժողովին կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները եւ թեմերէն ժամանող աւելի քան հարիւր պատգամաւորներ: Երեք օրերու վրայ երկարող Ազգային Ընդհանուր ժողովը ընթացք պիտի առնէ վեհափառ հայրապետին պատգամով, որմէ ետք տեղի...

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին.  «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ մրցանակակիր աշակերտներու եւ անոնց ծնողներու: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան...

«Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութեամբ Ոչ Թէ Ամէն Ինչ Աւարտեցաւ, Այլ Նոր Սկսաւ` Նոր Վտանգաւոր Կացութիւններու Դէմ Յանդիման Դնելով Հայաստանն Ու Արցախը». Դոկտ. Արմէն Մարուքեան

«Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութեամբ Ոչ Թէ Ամէն Ինչ Աւարտեցաւ, Այլ Նոր Սկսաւ` Նոր Վտանգաւոր Կացութիւններու Դէմ Յանդիման Դնելով Հայաստանն Ու Արցախը». Դոկտ. Արմէն Մարուքեան

«Ազդակ»-ի 54-րդ առցանց  լսարանը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2022-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դասախօսեց Հայաստանի ազգային գիտութիւններու ակադեմիայի պատմութեան բաժնի հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան բաժնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեան` նիւթ ունենալով եռակողմ յայտարարութեան իրաւաքաղաքական գնահատականը եւ հետեւանքները: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դոկտ. Մարուքեան միջազգային օրէնքի եւ օրինաչափութիւններու պարունակին մէջ ներկայացուց նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան...

«Ապագայ Լրագրողներ»-Ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ.  Ծանօթացում Միջազգային Լուրերու Պատրաստութեան Եւ Արագ Լրահոսի Դրութեան

«Ապագայ Լրագրողներ»-Ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. Ծանօթացում Միջազգային Լուրերու Պատրաստութեան Եւ Արագ Լրահոսի Դրութեան

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ի եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկուան իրենց հանդիպումին ընթացքին հետեւեցան «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Վահրամ Էմմիեանի ներկայացուցած շահեկան դասախօսութեան, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային եւ շրջանային լուրերու պատրաստութեան թեքնիքներուն: Լուր մը, յատկապէս միջազգային լուր մը գրելու համար վստահելի լրատուամիջոցներ ընտրելու եւ որոնելու ձեւերուն ամբողջական ծանօթացումէն ետք «Ապագայ լրագրողներ»-ը իմացան «Ազդակ»-ի յաւելուածը ունենալու եւ անոր...

Ջիւան Աւետիսեան Եզրափակեց Իր Լիբանանեան Այցելութիւնն Ու «Դրախտի Դարպասը» Ժապաւէնի Ներկայացումը

Ջիւան Աւետիսեան Եզրափակեց Իր Լիբանանեան Այցելութիւնն Ու «Դրախտի Դարպասը» Ժապաւէնի Ներկայացումը

Հայրենի տաղանդաւոր բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի արցախեան նիւթով երրորդ ժապաւէնին` «Դրախտի դարպասը»-ին լիբանանեան ներկայացումները հասան իրենց աւարտին: Բեմադրիչը Լիբանանի մէջ ո՛չ միայն առիթ ունեցաւ լիբանանահայութեան, աշակերտութեան եւ ուսանողներուն հրամցնելու իր իմաստալից ժապաւէնը, այլ նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր անձնաւորութիւններու հետ: Երկուշաբթի, 28 նոյեմբեր 2022-ին, բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան, ընկերակցութեամբ ՋԱՀ յանձնախումբի քանի մը անդամներուն, առաւօտեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպումին...

Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Կիրակի, 6 նոյեմբեր 2022-ին մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած ս. եւ անմահ պատարագէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոսը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները` գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Ժանին Դանիէլեանի: Դանիէլեան խօսք առնելով` հայրապետին զեկուցեց անցեալ տարեշրջանի Կիրակնօրեայ վարժարանին գործունէութիւնը եւ յայտնեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրներն ու աշխատանքները: Ապա աշակերտները իրենց սորված սաղմոսներէն, շարականներէն ու աղօթքներէն փունջ մը ներկայացուցին...

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Միջեկեղեցական Պատասխանատուներ

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Միջեկեղեցական Պատասխանատուներ

Շաբաթ, 5 նոյեմբեր 2022-ին Արամ Ա. կաթողիկոս մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց միջեկեղեցական պատասխանատուներ` Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Դանիայէն, Ֆինլանտայէն, Ամերիկայէն, Եգիպտոսէն, որոնք Լիբանան ժամանած էին խորհրդակցութիւններ ունենալու Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան գծով եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու շրջանի եկեղեցիներուն` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին (ՄԱԵԽ) ճամբով: Պատուիրակութիւնը երկօրեայ քննարկումներ կատարած էր յիշեալ խորհուրդի պատասխանատուներուն հետ, թէ ի՛նչ ձեւով վերոյիշեալ երկիրներու...

«Ատենագրութիւն Քաղաքական Ժողովոյ Ատանայի» Հատորը Լոյս Տեսաւ

«Ատենագրութիւն Քաղաքական Ժողովոյ Ատանայի» Հատորը Լոյս Տեսաւ

Օրհնութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մաշտոցի Անուան Հին Ձեռագրերու Մատենադարան Ինստիտուտի գործակցութեամբ, Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ատենագրութիւն Քաղաքական ժողովոյ Ատանայի» հատորը, խմբագրութեամբ Արմէն Մալխասեանի։ Ա. Մալխասեանի, Ա. Աստոյեանի, Ա. Աւետիսեանի, Ա. Ֆահրադեանի եւ Լ. Դաւթեանի աշխատասիրութեամբ պատրաստուած յիշեալ հատորը կ՚ընդգրկէ 2 Մարտ 1905-էն 10 Ապրիլ 1915 ժամանակահատուածի Ատանայի Քաղաքական Ժողովի ատենագրութիւնները, որոնք բացառիկ փաստագիրներ են...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ծառայող Հայոց Բանակի Զինուորները Այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ծառայող Հայոց Բանակի Զինուորները Այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք

Երկուշաբթի, 28 նոյեմբեր 2022-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի առաջնորդութեամբ, հարաւային Լիբանանի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) խաղաղապահ ուժերու մէջ ծառայող հայկական բանակի շուրջ 40 զինուորներ, իրենց հրամանատարին գլխաւորութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք: Անոնք հանդիպում ունեցան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ եւ ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը: Նախ եւ առաջ խօսք առաւ Հայաստանի դեսպանը: Ան Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուց վեց ամիսէ...

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ, 26 նոյեմբերի առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որուն զուգահեռ կատարուեցաւ ժամերգութիւն: Կիրակի, 27 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ժամանեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամներուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, շրջանի պատկան մարմիններուն եւ...

Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի Դարպասը» Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Լիբանանահայ Հանրութեան Եւ Աշակերտութեան

Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի Դարպասը» Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Լիբանանահայ Հանրութեան Եւ Աշակերտութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին հրաւէրով Լիբանան գտնուող հայրենի տաղանդաւոր բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի արցախեան նիւթով երրորդ ժապաւէնը` «Դրախտի դարպասը» շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ցուցադրուեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: (Ձեռնարկին մանրամասնութիւնները` «Ազդակ»-ի յաջորդ թիւով): Մինչ այդ, շաբթուան ընթացքին եւս լիբանանահայ աշակերտները առիթ ունեցան դիտելու այս ժապաւէնն ու բեմադրիչին նախորդ` «Թեւանիկ» ժապաւէնը եւ զրուցելու բեմադրիչին հետ:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

Հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալի: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Վեհափառ հայրապետը իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց դեսպանին` շուրջ 13 տարիներու իր դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին Սուրիոյ հետ կաթողիկոսարանին ունեցած յարաբերութեան մեծապէս օգտակար հանդիսանալուն համար: Վեհափառ հայրապետը բարձր...

Հայրենի Տաղանդաւոր Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Եւ Իր «Դրախտի Դարպասը» Լիբանանի Մէջ

Հայրենի Տաղանդաւոր Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Եւ Իր «Դրախտի Դարպասը» Լիբանանի Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին հրաւէրով երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2022-ին Լիբանան հասաւ հայրենի տաղանդաւոր բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան: Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ «Մուսա լեռ» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը. ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Այնճարի արուեստասէր հանրութիւնն ու դպրոցական աշակերտները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՋԱՀ յանձնախումբի անդամ Զաքար Քէշիշեան: Ան ներկայացուց...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան 2019-2023 քառամեակի երրորդ լիագումարի նիստերը տեղի ունեցան 9 եւ 10 նոյեմբեր 2022-ին, Պէյրութի մէջ, օրակարգի վրայ ունենալով միութեան կազմակերպչական, սկաուտական, մարզական, երիտասարդական, քարոզչական, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ տնտեսական գործունէութեան այլազան բնագաւառները: Կեդրոնական վարչութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Արցախի մէջ սկաուտական շարժումի վերակազմակերպման աշխատանքներուն, որոնց համար յատուկ գործիչ մը գործուղած էր շրջան` վեցամսեայ առաքելութեամբ: Սկաուտական գործունէութեան առընթեր, Կեդրոնական վարչութիւնը...

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Այցելութիւնը ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ Կեդրոն

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Այցելութիւնը ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ Կեդրոն

Չորեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2022-ին առաւօտեան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը այցելեց ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ հանդիպում-ժողով մը ունեցաւ Շրջանային վարչութեան հետ: Արծարծուեցան դիմագրաւուած դժուարութիւնները եւ ապագայ ծրագիրները: Այնուհետեւ Կեդրոնական վարչութիւնը ականատես եղաւ իր աջակցութեամբ շարունակուող ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի «Տաք ճաշ» ծրագիրի օրուան ճաշի պատրաստութեան աշխատանքներուն եւ ճաշերու բաշխման գործընթացին: Ապա շրջեցաւ կեդրոնի բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացաւ կեդրոնի գործունէութեան: Անկէ...

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին.  Ոգեկոչական Հանդիպում Բազմավաստակ Կրթական Մշակ, Մշակոյթի Նուիրեալ` Գեղանի Էթիէմէզեանի Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Ոգեկոչական Հանդիպում Բազմավաստակ Կրթական Մշակ, Մշակոյթի Նուիրեալ` Գեղանի Էթիէմէզեանի Յիշատակին

Բազմավաստակ կրթական մշակ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Գեղանի Էթիէմէզեանի մահուան քառասունքին առիթով կիրակի, 20 նոյեմբեր 2022-ին Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, Ազգային վարժարաններու տնօրէններու ու ուսուցիչներու եւ Գեղանի Էթիէմէզեանի ընտանեկան պարագաներուն: Հոգեհանգիստէն ետք, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան...

Page 100 of 365 1 … 99 100 101 … 365

Արխիւներ