Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

Դեկտեմբեր 9, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կամաւորներու Օր»-ուան Նշում

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած «Կամաւորներու օր»-ուան հանդիսութիւնը:

 ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Նանօր Յարութիւնեան- Սանթուրեան` նշելով, որ երկու տարուան ակամայ բացակայութենէն ետք, այսօր անգամ մը եւս կը հաւաքուինք` մեր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելու եւ խոնարհելու ԼՕԽ-ի կամաւորներու անսակարկ եւ բարձր նուիրումին առջեւ:

«Լիբանանահայ օգնութեան խաչը իր հարիւրաւոր կամաւորներու փաղանգով կը հասնի հայ ժողովուրդի կարիքներուն, յատկապէս` տագնապալի եւ թէժ օրերուն: ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող ընկերուհիներ իրենց անմնացորդ, նուիրեալ եւ անշահախնդիր գործակցութիւնը ընծայելով` կը փութան ժողովուրդին, կը հասնին ծերունիին ու որբուկին, կը հասնին հայ կնոջ ու հայ աշակերտին, կը հասնին բոլորին», ըսաւ ան: Իր խօսքը աւարտելով` Նանօր Յարութիւնեան-Սանթուրեան շեշտեց. «Չկայ աւելի բարձր զոհողութիւն, քան` ժամանակի եւ «ես»-ի: Սակայն չկայ աւելի բարձր վարձատրութիւն, քան` սրտի եւ հոգիի գոհունակութիւն: Թող որ այս կրակը բնաւ չմարի ձեր սրտերուն մէջ, թող որ այս կորովը բազմապատկուի եւ տարածուի ձեր շուրջիններուն, թող որ այս օրինակելի «Սուրբ Գործ»-ը փոխանցուի գալիք սերունդերուն»:

Օրուան բանախօսն էր Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի անդամ Սօսի Փոլատեանը, որ շնորհաւորեց ԼՕԽ-ականներուն տօնը` դիտել տալով, որ իր կամաւոր աշխատանքին մեկնակէտը եղած է ԼՕԽ-ը:

Ապա բանախօսը պատմական ակնարկով մը լուսարձակի տակ առաւ, թէ ինչպէ՛ս ՄԱԿ-ը 1985-ին դեկտեմբեր 5-ը յայտարարեց իբրեւ «Կամաւորներու օր»` քաջալերելու եւ գնահատելու համար կամաւոր աշխատանքը եւ կամաւորներու զոհողութիւնը ի նպաստ հասարակութեան:

Ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ «Կամաւորներու օր»-ը մէկ օր է, սակայն կարեւոր է գիտակցիլ, որ կամաւորները տարին 365 օր իրենց թանկագին ու սուղ ժամանակը  կը տրամադրեն ի նպաստ կարիքաւոր անհատին, միութեան, կազմակերպութեան, դպրոցին եւ ընդհանրապէս բոլորին բարօրութեան եւ յաջողութեան համար, առանց որեւէ մէկ նիւթական ակնկալութեան:

Ս. Փոլատեան բացատրեց, որ այս տարի «Կամաւորներու օր»-ուան միջազգային թեման է «Միասնականութիւնը կամաւոր գործի ընդմէջէն` տիեզերքի պահպանութեան համար»: Ան դիտել տուաւ, որ ամէն տարուան թեման կ՛ընտրուի ըստ կարիքի, իսկ այս տարուանը ճշդուած է մեկնելով այն իրականութենէն, որ մեր մոլորակը վտանգուած է կենսոլորտային ահաւոր կործանումներէ: «Ականատես ենք կլիմայական խիստ փոփոխութիւններու, եւ կենսոլորտային անկանոն ու անբնական երեւոյթներու, որոնց հետեւանքը կը տեսենենք թէ՛ առողջապահական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ քաղաքական ոլորտներուն մէջ: Ահա հոս կը կայանայ կամաւորին աշխատանքը` օգնելու բնութեան բարօրութեան, երկրի բարգաւաճման, կարիքաւորին, ժողովուրդին, որպէսզի կայուն պահէ իր ընկերութիւնը: Իւրաքանչիւր անհատ կամաւորաբար աջակցելով, կրնայ համաշխարհային տիեզերական բարօրութեան օգնել` ի գործ դնելով իր ժամանակը, գիտութիւնը, միտքը եւ հմտութիւնները», հաստատեց Սօսի Փոլատեան:

Բանախօսը շեշտեց, որ այս բոլորը մեզի ցոյց կու տան, որ կամաւոր աշխատանքը կու գայ կարիքէն, ուր որ կարիքն ու պահանջը կայ աշխատելու: Հայոց պատմութեան մէջ այս մէկը բնական երեւոյթ էր, շեշտեց Փօլատեան` յիշեցնելով Սօսէ Մայրիկի, Տիանա Աբգարի, Մարիա Ճէյքըպսընի, Քարէն Եփփէի եւ ուրիշներու անձնուէր զոհողութիւնը եւ հերոսական գործերը` փրկելու համար հայ ազգի զաւակները:

«Այս կամաւոր գործերէն է, որ ծնունդ առած է Հայ օգնութեան միութիւնը 1910-ին, եւ ԼՕԽ-ը` 1930-ին: ՀՕՄ-ականները մնայուն կամաւորներ են թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ խաղաղութեան ժամանակ: Անոնց նուիրական գործը վերջ չունի, ինչպէս` անոնց կամքն ու կորովը», շեշտեց Փոլատեան:

Բանախօսը ապա օրինակներ բերաւ, թէ կամաւոր գործունէութիւնը ինչպէս կը կայանայ թէ՛ ներգաղութային եւ թէ լիբանանեան հանրային հասարակական ծառայութեամբ: Ան բարձր գնահատեց գաղութի բոլոր կառոյցներուն մէջ ծառայող կամաւորները, որոնք նուիրուած են հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան դժուար աշխատանքին: Շնորհաւորեց Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր այն կամաւորները, որոնք կը պայքարին` հետապնդելու կենսոլորտի ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գործը, ինչպէս նաեւ` կնոջական արդար իրաւունքներու տուչութեան աշխատանք կը ծաւալեն:  «Ժամանակն է, որ լիբանանցի կինը ունենայ իր ամբողջական իրաւունքները», հաստատեց բանախօսը:

Ս. Փոլատեան իր խօսքը աւարտեց` մէջբերելով Արամ Ա. վեհափառի 2016-ը «Ծառայութեան տարի» հռչակելու առիթով հայրապետին արտասանած խօսքը. «Արդ, նուիրեալ ու անշահախնդիր ծառայութեամբ  է, որ եկեղեցին կը պայծառանայ, կառոյց մը կը հզօրանայ, համայնք մը կը կազմակերպուի, հայրենիք մը կը յառաջդիմէ ու ազգ մը քաջութեամբ կը դիմագրաւէ պատմութեան բոլոր տեսակի փոթորիկները»:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական հարուստ յայտագիր մը: Արազ Էլէյճեան ասմունքեց «Կամաւորներու աղօթքը», տուտուկահար Րաֆֆի Չիլինկիրեան նուագեց «Սիրուս կը սպասեմ» եւ «Չքնաղ երազ» մեղեդիները, իսկ Ղազար Քէօշկերեան կատարեց «Կամաւորի երգը»:

Աւարտին Շահէ արք. Փանոսեան արտասանեց իր սրտի խօսքը` յայտնելով, որ այս օրը առիթ մըն է անդրադառնալու, թէ աշխարհի մէջ առանձին չենք եւ մաս կը կազմենք կամաւորներու միջազգային հսկայ բանակին: Սրբազանը բարձր գնահատեց կնոջ առանցքային դերը հայութեան վերականգնումի առաքելութեան եւ ճիգերուն մէջ: «Այս օրերուն անձնապաշտ եւ եսակեդրոն պայմաններուն մէջ հայութիւնը կարիք ունի բարոյական անհուն նեցուկի», ընդգծեց սրբազանը` շեշտելով հաւատքի կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Ձեռնարկի աւարտին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան եւ ՀՕՄ-ի Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեցին Լիբանանի տարածքին գործող ԼՕԽ-ի բոլոր մասնաճիւղերը:

Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէս

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբին, նախագահութեամբ Յասմիկ Բագրատունի-Սամուէլեանի, 7 դեկտեմբեր 2022-ին կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսի բացում:

ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբի ատենապետուհի Սօսէ Պոյաճեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ չորս երկար տարիներու բացակայութիւնը ստիպած էր զիրենք ակամայ մեկուսանալ շրջապատէն, գործէն եւ ստեղծագործական աշխատանքներէն, սակայն այսօր դարձեալ կը ներկայացնեն մեր նախնիներէն մեզի փոխանցուած տարբեր ասեղնակարերով եւ ներդաշնակ գոյներով հրաշալի ձեռագործներ, նաեւ` նորարարութիւններ:

«Ձեռագործը զբաղում եւ զարդարանք չէ միայն, այլ` արուեստ է եւ մշակութային աւանդ: Մենք եկած ենք հոս դառնալու յուշարարը այդ աւանդին», հաստատեց Սօսէ Պոյաճեան` դիտել տալով, որ ԼՕԽ-ի ցուցահանդէսը Կաղանդի սոսկ պազարէ մը աւելին է: Ան միջոց մըն է, որ իւրաքանչիւր տունէ ներս մտնէ հայկական արուեստը, եւ հոն բուրէ հայկական աւանդութիւնը, որովհետեւ մշակութային աւանդապահութիւնը հայ ժողովուրդի գոյատեւման կռուաններէն մէկն է համաշխարհայնացման վտանգին դէմ:

Պոյաճեան շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց Յասմիկ Բագրատունի-Սամուէլեանի, որ ցուցահանդէսի նախագահութիւնը ստանձնած է այն համոզումով եւ հաւատքով, որ տնտեսական սուր տագնապի այս օրերուն ազգը եւ անոր կարգին ԼՕԽ-ը բոլոր ժամանակներէ աւելի կարիքը ունին օժանդակութիւններու եւ սոյն ձեռնարկներու ճամբով կարենալ հասնելու ազգօգուտ եւ հայրենասէր նպատակներուն: Պոյաճեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ յանձնախումբին, որ սիրայօժար տրամադրած են ցուցասրահը, նաեւ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, որ նեցուկ կանգնած էր ձեռնարկի յաջողութեան:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի ներկայացուցիչ, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան ներկաներուն փոխանցեց սրբազան հօր բարեմաղթութիւններն ու ողջոյնները, նաեւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ` ծրագիրի իրականացման համար: Ան նկատել տուաւ, որ հայկական արուեստի աշխատանքին մէջ կը տեսնենք աշխատողներուն սէրը` հանդէպ մեր ազգին եւ հայկական արժէքներուն, որովհետեւ մեծ բծախնդրութեամբ աշխատանք տարուած է մանաւանդ այս օտարամոլութեամբ լեցուն ժամանակաշրջանին մէջ:

Այնուհետեւ ներկաները շրջեցան ցուցասրահին մէջ եւ վայելեցին ցուցադրուած հայկական գաւառներու ասեղնագործներ, Նոր տարուան եւ այլ ծածկոցներ, բարձեր, պայուսակներ, հայկական տառերով տպագրուած գաւաթներ, նոր տարուան զարդեղէններ եւ այլ ձեռային աշխատանքներ:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ կիրակի, 11 դեկտեմբեր ներառեալ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00:

«Յաջողութեան Գաղտնիք»-ը Նիւթով
Դասախօսութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, երկուշաբթի, 28 նոյեմբեր 2022-ին դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց դասախօսութիւն մը` նիւթ ունենալով «Յաջողութեան գաղտնիքը` հաւատք, յոյս, սէր», զոր ներկայացուց օրուան դասախօսը` Արմէն Ապտալեան:

Յանձնախումբին անունով Զեփիւռ Չափարեան կատարեց բացումը եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ծանօթացուց դասախօսը: Դասախօսութեան նիւթին անդրադառնալով` ան ըսաւ,  որ բոլորս քաջ գիտենք, թէ այսօր լիբանանահայութիւնը կ՛ապրի շատ դժուար եւ ճգնաժամային օրեր, մանաւանդ` տնտեսական, իսկ մարդ արարածը, ունենալով հաւատք իր անձին, յոյս գալիքին եւ սէր` իր գործին հանդէպ, կրցած է քանդել ամէն տեսակի պատնէշ` հասնելու համար իր խաղաղ արշալոյսին:

Ապա օրուան դասախօս Արմէն Ապտալեան նշեց, որ յաջողութեան գաղտնիքը ունի երեք հիմնական նշանաբաններ. հաւատքը մեր կատարած աշխատանքին նկատմամբ, յոյսը, որուն մէջ կայ նաեւ լաւ վարձատրութիւնը, եւ երրորդ` սէրը, որովհետեւ եթէ մենք չսիրենք մեր գործը, չենք յաջողիր: Ան իր խօսքը շարունակելով` դիտել տուաւ. «Բայց ասոնց վրայ կ՛աւելնան բազմաթիւ ուրիշ գործօններ, եւ խօսեցաւ նուիրումի մասին, տուաւ օրինակներ, թէ կեանքը իրեն սորվեցուցած է, որ եթէ նուիրումով չգործես անկարելի է, որ տեղ հասնիս»: Ապա դասախօսը դիտել տուաւ, որ եթէ առիթ մը ներկայանայ մեզի, պէտք է զայն յափշտակենք, որովհետեւ երկրորդ անգամ նման առիթ չի ներկայանար: Ան խօսեցաւ երրորդ տուեալի մասին, որ ամէն մարդ պէտք է որ ինքզինք վերանորոգէ եւ միշտ պրպտումներ ընէ քայլ պահելու համար օրուան նորութիւններուն հետ, որովհետեւ ինքնազարգացումը շատ կարեւոր է: Ա. Ապտալեան յայտնեց, որ մեր աշխատանքին մէջ մէկ քայլ առաջ երթալու համար նոր բաներ պէտք է սորվինք, ոչ ոք կատարեալ է, անգամ մը, որ մէկը համոզուի, որ ինք կատարեալ է, այդ վայրկեանէն ան իր գերեզմանը փորելու հոլովոյթը կ՛ապրի: Ան իր դասախօսութիւնը  եզրափակեց` ըսելով, որ գործին նուիրումը, առիթներու ներկայացման պարագային` այդ առիթը օգտագործելը, երբեք ու երբեք յաւակնութիւնը չունենալ, որ ինք արդէն ամէն ինչ գիտէ, պիտի սկսինք այն տեղէն, որ մենք բան չենք գիտեր, եւ միշտ պէտք է որ վերանորոգուինք պրպտումներ ընենք: Անշուշտ որ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը շատ կարեւոր են, բայց այս չորս կէտերն ալ շատ կարեւոր են, որ օր մը մարդիկ ըսեն, թէ այս անձը քիչ մը յաջողած է:

Զեփիւռ Չափարեան
Քլարա Ադամեան

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ձայնամարզութեան եւ դաշնակի ուսուցչուհի Քլարա Ադամեան` մեկնաբանելով «Besame Mucho» եւ «Կիլիկիա» երգերը:

«Տանտիկնոջ Կարեւոր Դերը Աղբի
Դասաւորման Մէջ« Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 9 նոյեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին  ԼՕԽի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տանտիկնոջ կարեւոր դերը աղբի դասաւորման մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք յանձնախումբի անդամ Լիւսի Բէնէնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց քաջալերանքին համար,  ապա հրաւիրեց Այնճարի քաղաքապետութեան կենսոլորտի յանձնախումբի նախագահ Արփա Սնապեան-Անտոնեանը, որ ներկայացնէ «Տանտիկնոջ կարեւոր դերը աղբի դասաւորման մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը:

Ա. Անտոնեան փաստացի տուեալներով ցոյց տուաւ աշխարհին վրայ կենսոլորտի ապականման բարձր համեմատութիւնը` կեդրոնանալով նաեւ Պէյրութի աղբակոյտերու ժխտական դերակատարութեան վրայ, որուն վնասը կը հասնի ժողովուրդին: Պարտք դրաւ իւրաքանչիւր տանտիկնոջ վրայ` տնային աղբերը դասաւորելու, որպէսզի առաջքը առնուի համաճարակներու, հիւանդութիւններու, մարդկութիւնը զերծ պահելու կենսոլորտի ապականումէն: Ան նաեւ բացատրութիւն տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կարգ մը աղբեր , վերամշակել, վերագործածել վերահսկել եւ վերջապէս շեշտեց, որ իւրաքանչիւր տանտիկին, եթէ գործադրէ վերոյիշեալ կէտերը, առաջքը առած կ՛_ըլլայ տնային եւ միջավայրի ապականման:

 

Նախորդը

Սպանական Արանի Հովիտի Իւրայատկութիւնը. Արաներէն Լեզուն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լուքա Տոնքիչ` Թրիփըլ Տապըլի Հեղինակ

RelatedPosts

Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Ժիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ Եւ Այցելութիւն Ցեղասպանութեան «Արամ Պեզիքեան» Թանգարան
Գաղութային

Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Ժիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ Եւ Այցելութիւն Ցեղասպանութեան «Արամ Պեզիքեան» Թանգարան

Մայիս 12, 2025
Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?