Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաստակաւոր Եւ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականներու Պարգեւատրում

June 15, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ծառայութեան պարգեւատրումի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 13 յունիս 2023-ի երեկոյեան, ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններու ներկայ ու նախկին անդամներու եւ հիւրերու:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, ապա բացման խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Սոնա Պօղոսեան, որ հաստատեց, թէ ՀՄԸՄ-ը եզակի է իր ծնունդով, իր առաքելութեամբ եւ աշխատանքով: Արդարեւ, ան լոկ մարզական կամ սկաուտական միութիւն մը չէ, այլ մարդակերտման եւ հայակերտման նուիրուած գաղափարական շարժում մը: «Այս բարոյական զինուորագրութիւնը, գործունէութեան ու նուիրումի լայն եւ գեղեցիկ դաշտ մը ունի իր առջեւ», ըսաւ ան` յայտնելով, որ այս ձեռնարկը կազմակերպուած է երախտագիտութիւն եւ գնահատանք արտայայտելու` հանդէպ անոնց, որոնք ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մէջ իրենց անշահախնդիր աշխատանքով ու նուիրումով տուին իրենց կարելին` քաջ գիտնալով իրենց ստանձնած պարտականութեան գիտակցութիւնը:

Այս առիթով խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապագեան, որ լուսարձակի տակ առաւ  105 տարիներ առաջ խումբ մը նուիրեալ հայորդիներու կողմէ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրութիւնը` հաստատելով, որ անոնց սկսած աշխատանքը նոյն թափով եւ ոգիով շարունակուեցաւ աշխարհի չորս կողմը:

Ան դիտել տուաւ, որ հայ պատանիին եւ պարմանուհիին նկարագիրի կերտման եւ ազգային դաստիարակութեան ջամբման մէջ մեծ դեր կատարած է ու կը կատարէ ՀՄԸՄ-ը, մա՛նաւանդ` իր սկաուտական շարժումի դաստիարակութեամբ, աւելցնելով, որ անիկա մասնաւորաբար կը կեդրոնանայ ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան, չարքաշութեան եւ արիութեան յատկանիշներուն վրայ:

Հ. Թապագեան նշեց, որ միութեան «Բարձրացի՛ր, բարձրացու՛ր» նշանաբանը կը պահանջէ բարձրանալ միշտ աննահանջ, յարատեւ ճիգերով եւ անշահախնդիր զոհողութեամբ նուաճել բարձունքներ` առանց ընկրկումի, անխախտ կամքով եւ անսասան հաւատքով: Ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ը հարթեց իր ճամբուն վրայ ցցուած խոչընդոտները, իր քայլերը ուղղեց դէպի լաւն ու բարին` յոյս եւ ինքնավստահութիւն ներշնչելով կեանքին իմաստը նոր հասկնալ փորձող եւ խարխափումի մէջ եղող սերունդին:

«Այսօր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան համար երախտագիտութեան օր մըն է, որովհետեւ ի պատիւ իր անցեալի եւ ներկայի ղեկավարներուն, սկաուտական եւ մարզական շարքերուն եւ մանաւանդ գաղութի զօրակցութեան, քաջալերանքին եւ գործակցութեան, ան կրցաւ գոյատեւել`  հակառակ իրեն դէմ ցցուած բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն:

«ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գործէ «Առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ» սկզբունքով, մեր ազգային ժառանգութիւնները նորահաս սերունդներուն փոխանցելու պարտականութեամբ եւ հայ պատանին ու երիտասարդը օտարոտի ազդեցութիւններէ զերծ պահելու նախանձախնդրութեամբ:

«Ամբողջ 105 տարիներ ՀՄԸՄ-ի եռագոյն դրօշի առաջնորդութեամբ հայութեան ենթագիտակցութեան մէջ վառ պահեց հզօր, անկախ, ազատ ու միացեալ հայրենիքի տեսլականը, եւ երբ պահը հասաւ, մեծ հպարտութեամբ, այս անգամ հայրենիքի մէջ խիտ շարքերով դիմաւորեց եռագոյնը:

«Զարմանալի չէ, որ այս հզօր միութիւնը պատուէ իր վաստակաշատ անդամները, որոնք տարիներ շարունակ ճիգ չխնայեցին մեր կազմակերպութեան գոյատեւման եւ յարատեւ վերելքին», ըսաւ Հայկ Թապագեան:

Սոնա Պօղոսեան հրաւիրեց նախկին նախարար Վարդենի Օհանեան-Գէորգեանը` ստանձնելու համար երախտագիտական յատուկ յուշանուէրը` իբրեւ առաջին ՀՄԸՄ-ականը, որ ստանձնած էր Լիբանանի երիտասարդական եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:

Ապա յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան ՀՄԸՄ-ական վաստակաշատ անդամներ` Գալուստ Գոչունեանը, Պետիկ Լոճիկեանը, Յարութ Լաքիսեանը, Րաֆֆի Մունջողլեանը եւ Մարօ Թազեանը, որոնք ստացան ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան շքանշան»` միութեան մէջ եւ անոր ի խնդիր իրենց նուիրումին եւ ցուցաբերած անշահախնդիր աշխատանքին ճամբով:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով:

Աւարտին պարգեւատրողները շնորհաւորութիւններ ընդունեցին:

Նախորդը

Այցելուներու Եռուզեռ Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանին Մէջ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տենվըր Նակեթց Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Երկրի Ախոյեան

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.