«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ
Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները ուրբաթ, 9 յունիս 2023-ին ունեցան աշխատանքային հանդիպում մը:
Ապագայ լրագրողները քննարկեցին իրենց նախասիրութիւնները, եւ իւրաքանչիւրը իր հետաքրքրութիւններուն համաձայն ճշդեց այն նիւթը, որուն շուրջ պիտի կատարէ իր ուսումնասիրութիւնը, պիտի գրէ իր յօդուածը, պիտի պատրաստէ իր լսատեսողական ռեփորթաժը եւ պիտի ներկայացնէ իր կատարելիք հարցազրոյցը, ինչպէս նաեւ ճշդուեցան աշխատանքները յանձնելու վերջնական թուականները:
Միտքերու փոթորկումի այս հանդիպումը եղաւ առիթ մը նաեւ ճշդելու ապագայ լրագրողներուն կատարելիք ընկերային հանդիպումը:


