Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Դպրոցի 2 Շրջանաւարտներ Պաշտպանեցին Իրենց Թեզերը

June 6, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 1 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի երկու շրջանաւարտներու թեզի պաշտպանութիւնը:

Արդարեւ, նախքան վկայական ստանալը, իւրաքանչիւր աւարտական աշակերտ պէտք էր ներկայացնէր իր եօթը տարիներու աշխատանքի արդիւնքը այսպէս. տարուան սկիզբը Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէնը, թեքնիք յանձնախումբը, ուսուցիչը եւ աշակերտը համախորհուրդ կ՛ընտրեն նիւթ մը, որուն վրայ պիտի աշխատի աշակերտը ամբողջ տարուան ընթացքին եւ վերջաւորութեան պիտի ներկայացնէ զայն: Այս տարուան բնաբանը Արցախ եւ Հայաստան էր: Տարուան ընթացքին ուսուցիչ-կրթական տնօրէն կը հանդիպին աշակերտին հետ, կը տեսնեն անոր գործը եւ իրենց նկատողութիւնները կը կատարեն սրբագրութեան համար: Իւրաքանչիւր աշակերտ կը պատրաստէ նաեւ իր portfolio-ն:

Այս տարի դպրոցի ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանի աշակերտներէն երկուքը` Պերճ Տեմիրճեան եւ Լուսին Թիլպեան, աւարտելով եօթը տարուան ծրագիրը, ներկայացուցին իրենց գծագրութիւնը եւ պաշտպանեցին իրենց թեզը: Դպրոցը ճշդած էր դատական կազմի համար երկու արուեստագէտ` Հրաչ Այնթապլեան եւ Ծովիկ Առնէլեան, նաեւ նկատի ունենալով, որ դպրոցը կը գործակցի Հայաստանի գեղարուեստի դպրոցներու ակադեմիայի հետ, իւրաքանչիւր տարի անձ մը կը նշանակեն, որպէսզի հսկէ քննութեան, այսինքն` թեզի պաշտպանութեան, եւ իր տեսակէտը տայ. այս տարի նշանակուած էր Հայաստանի պետական գեղարուեստի ակադեմիայի ԴԴԿԱ կաճառի գծագրութեան եւ գունանկարչութեան ամպիոնի վարիչ, նկարիչ, արուեստագիտութեան թեկնածու Վահէ Գասպարեանը, որ whatsapp-ով միացաւ հանդիսութեան:

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի վարիչ-պատասխանատու Թալին Մօսիկեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, նկատել տուաւ, որ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը տարիներու ընթացքին տուած է արուեստագէտներ, որոնք իրենց յատուկ դրոշմը ունին լիբանանահայ կեանքին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, որոնք իրենց կարելին ըրին աշակերտին մօտ արթնցնելու լաւագոյնին ձգտելու գաղափարը, նաեւ` զոյգ տնօրէններուն, խնամակալութեան, վարչութեան անդամներուն, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին ծրագիրներու իրագործման:

Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան յայտնեց, որ Գեղարուեստի դպրոցները կոչուած են առաւել հաւատքով, նուիրումով ու յանձնառութեամբ, միակամ ճիգով, նախանձախնդրութեամբ ու բծախնդրութեամբ արժեւորելու իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնները` մէկ խօսքով` պահպանելու թանկարժէք եւ անզուգական հայկական մշակոյթը իր բոլոր բնագաւառներուն

մէջ` յօգուտ նորահաս սերունդի դաստիարակութեան, նկատի ունենալով, որ մշակոյթը մարդկութեան գոյութեան ու անոր յարատեւման հիմնական ազդակն է:

Այնուհետեւ երկու աւարտական աշակերտները` Պերճ Տեմիրճեան եւ Լուսին Թիլպեան, ներկայացուցին իրենց գծագրութիւնները, որոնք բարձր գնահատուեցան դատական կազմի երեք անդամներուն կողմէ: Վահէ Գասապեան փափաք յայտնեց, որ օր մը Հայաստանի մէջ ալ ցուցադրեն իրենց գործերը, ինչպէս նաեւ` աշխարհի տարածքին:

Աւարտին խօսք առաւ ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ շնորհաւորեց իր աշակերտներուն` հաստատելով, որ շատ լաւ աշխատանք տարած են եւ նկարչական աշխարհին ամբողջովին տիրապետած են:

Յայտնենք, որ Պերճ Տեմիրճեան եւ Լուսին Թիլպեան իրենց վկայականը պիտի ստանան 22 յունիսին, Համազգայինի «Լիւս Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, ուր պիտի ցուցադրուին իրենց գործերը, ինչպէս նաեւ` «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի բոլոր աշակերտներուն գործերը:

Նախորդը

Հարցազրոյց. Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի Անուան Թատերախումբը Անգամ Մը Եւս Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

ՀԵՀՈՄ-ին Կազմակերպած Բ. Համագումարը Տեղի Ունեցաւ «Հայ Եկեղեցին Ու Հայ Երիտասարդը» Թեմայով

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.